Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քաղաքական Ուժերու Ազդեցութիւնը Դպրոցներուն մէջ Բացառուած է».Արայիկ Յարութիւնեան

«Քաղաքական Ուժերու Ազդեցութիւնը Դպրոցներուն մէջ Բացառուած է».Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Քաղաքական ուժերու ազդեցութիւնը դպրոցներուն մէջ պէտք է ըլլան զէրօ: Այս մասին, 29 Օգոստոսին, Մոսկուայի տան մէջ, Երեւանի հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններուն հետ օգոստոսեան խորհրդակցութեան ժամանակ նշած է Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար  Արայիկ Յարութիւնեանը, որ անդրադարձած է կրթութեան ոլորտին մէջ նախարարութեան աշխատանքներուն։ Կարեւորագոյն շեշտադրումը, որմէ սկսած է խորհրդակցութիւնը, դպրոցներու ապաքաղաքականացումն է։

«Հանրակրթութեան նահանջի կարեւորագոյն պատճառներից մէկը եղել է դպրոցների քաղաքականացուածութիւնը։ Ներկայում քաղաքական ուժերի ազդեցութիւնը զրօ պէտք է լինի դպրոցներում, զրօ։ Այն դպրոցներում, որտեղ սա չի լինի, որտեղ տեղի իշխանութիւնները, նախկին եւ ներկայ օլիկարխները կը փորձեն որեւէ կերպ միջամտել դպրոցի գործերին, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, կարծում եմ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը միանայ, կը միջամտի եւ այդ ազդեցութիւնը նորից կ’իջեցնի մինչեւ 0»,- ըսած է նախարար Յարութիւնեանը։

Նախարարի խօսքով, բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւններէն  է դպրոցներու խորհուրդներու ձեւաւորման կարգի փոփոխութիւնը։ Անոր խօսքով, դպրոցներու խորհուրդները վերածուած էին վարչական շրջաններու, տեղի գործարարներու, երբեմն նաեւ տնօրէններու ազդեցութեան օղակներու եւ  կը գործէին բացառապէս այդ օղակներու թելադրանքով։

«Հիմա էլ կան որոշ այդպիսի խորհուրդներ, բայց կարգը փոխելով այդ արատաւոր համակարգը ամբողջութեամբ արմատախիլ կ’արուի։ Արմատախիլ»,- ընդգծած է նախարարը։

Արայիկ Յարութիւնեանը խնդրած է տնօրէններէն՝ օժանդակել գործընթացին։

«Ես ուզում եմ ասել, որ այն տնօրէնները, որոնք նոր ժամանակների այս բարեփոխումների ոգով կը տարուեն եւ կրողը կը դառնան, կը լինեն իմ գործընկերը եւ ես կ’անեմ առաւելագոյնը իմ լիազօրութիւնների սահմաններում, առաւելագոյնը՝ նրանց օժանդակելու, օգնելու համար։

Բայց միւս դէպքերում, թէ քաղաքային իշխանութեան, թէ կրթութեան  նախարարութեան արձագանգը կը լինի միանգամայն այլ»,- շեշտած է նախարարը։

Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ տնօրէններու ընտրութեան կարգի եւ ուսուցիչներու մրցոյթներու հարցին վերաբերեալ եւս մտադիր են փոփոխութիւն ընել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment