Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Անոր Եղբայրը Ճոնիկ Աբրահամեան եւ Ալիկ Սարգսեան Չարաշահումներ Կատարած են

Նախկին Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Անոր Եղբայրը Ճոնիկ Աբրահամեան եւ Ալիկ Սարգսեան Չարաշահումներ Կատարած են

by MassisPost

Հայաստանի Քննչական կոմիտէն հաղորդած է, որ պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելու ու խարդախութիւն կատարելու վերաբերեալ քրէական գործով Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, անոր եղբօր՝ Հենրիկ (Ճոնիկ) Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ Ալիկ Սարգսեանի կողմէն առերեւոյթ չարաշահումներուն առնչութիւն ունենալու վերաբերեալ փաստեր ձեռք բերուած են:

Գործն ուղարկուած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն, որ կը քննէ նախկին ու ներկայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն առնչուող քրէական գործերը:

«Այդ գործը նոր ընդունուել է Յատուկ քննչական ծառայութեան վարոյթ: Այդ գործերին ծանօթ չեմ, չեմ կարող որեւէ կարծիք յայտնել», – լրագրողներուն ըսած է ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանը:

Ըստ Քննչական կոմիտէին, «Աւազայատիկ» ընկերութեան տնօրէնը հաղորդում ներկայացուցած էր իրաւապահներուն, որուն հիման վրայ յարուցուած էր քրէական գործ: Պարզուած է, որ 2000 թուականին հիմանդրուած ընկերութիւնը Արարատի մարզին մէջ զբաղուած է հանքարդիւնաբերութեամբ, վարկային միջոցներով մեծ ներդրումներ կատարած է, ձեռք  բերած է աւազի լուացման եւ մաղման հոսքագիծեր։ Սակայն 2008 թուականին բարձրաստիճան պաշտօնատար անձինք ստեղծած են արհեստական խոչընդոտներ՝ պահանջելով ընկերութեան բաժնեմասերու 60 տոկոսը՝ նշելով, որ հակառակ պարագային հանքերը չեն շահագործուիր: Ընդ որում, բաժնեմասերու 60 տոկոսը պահանջած են ձեւակերպել երկու տարբեր անձերու անունով՝ իւրաքանչիւրին 30 տոկոս։

Բացի այդ, պարզուած է նաեւ, որ Նորամարգ համայնքի ղեկավարը հայցադիմում ներկայացուցած է դատարան հողատարածքի վարձակալութեան վերաբերեալ, ուր ընկերութիւնը կը զբաղուէր աւազի հանոյթով, եւ պահանջած լուծարել «Աւազահատիկ»-ի տնօրէնի հետ աւելի վաղ ստորագրուած պայմանագիրը։ Դատարանը բաւարարած է հայցադիմումը, ինչէն ետք նոր պայմանագիր  ստորագրուած է տուեալ հողատարածքի վարձակալութեան վերաբերեալ այլ սեփականատէրերու հետ։

Այդ ընկերութեան հիմնադիրը եւ այլ վկաներ իրենց ցուցմունքներուն մէջ առերեւոյթ չարաշահումներուն առնչութիւն ունեցած անձանց շարքին մատնանշած են Յովիկ եւ Ճոնիկ Աբրահամեանները, Ալիկ Սարգսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment