Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրէական Գործ «Վեոլիա Ջուր» Ընկերութեան Դէմ

Քրէական Գործ «Վեոլիա Ջուր» Ընկերութեան Դէմ

by MassisPost

«Վեոլիա ջուր» ընկերութեան եւ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Նազարեանի հետ կապուած ոստիկանութեան գայթակղային բացայայտման դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ առանձնապէս խոշոր չափերու կաշառք տալու եւ ստանալու համար:

Յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը կը վարէ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը: Ծառայութեան մամլոյ քարտուղար Մարինա Օհանջանեանն «Ազատութեան» փոխանցած է, որ որեւէ մէկուն դեռ մեղադրանք առաջադրուած չէ:

Շաբաթ օր՝ 25 Օգոստոսին ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է՝ նշելով, թէ պարզած է, որ «Վեոլիա ջուր»ի կողմէն մատուցուող ծառայութիւններու սակագիներու ճշգրտման 2017-2018 թուականներուն յայտը Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողով ներկայացնելէն առաջ ընկերութեան տնօրէն Քրիսթիան Լըֆէն եւ գործառնական տնօրէն Գոռ Գրիգորեանը, կաշառք տալու դիտաւորութեամբ յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Նազարեանին եւ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի եւս 7 պաշտօնատար անձերու համար «Վեոլիա ջուր»ի ֆինանսական ծախսային միջոցներէն գնած են Երեւան-Փարիզ-Երեւան ուղղութեամբ, ընդհանուր աւելի քան 4 միլիոն դրամի 8 օդանաւի տոմս, իսկ հիւրանոցի ծախսերուն համար փոխանցած են եւս 15 հազար եւրօ:

Ոստիկանութիւնը նշած է, որ անկէ ետք  Հանրային ծառայութեան կարգաւորման յանձնաժողովը խմելու ջուրի սակագինը մօտ 11 դրամով բարձրացնելու որոշում  կայացուցած է՝ 180 դրամէն 191.414 դրամ դարձնելով:

Վարչապետի կաշառակերութեան դէմ պայքարի գիծով օգնականի տրամադրած տուեալներու հիման վրայ ոստիկանութեան ձեռնարկած հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է, որ «Վեոլիա ջուր»ը շարք մը շինարարական կազմակերպութիւններու հետ համաձայնութեան գալով, շուկայականէն անհամեմատ բարձր գիներով շուրջ 3 միլիառ 730 միլիոն դրամի պայմանագրեր կնքած է, որոնց կատարման շրջագիծէն ներս, յաւելագրումներու, կեղծ կատարողական աքթեր կազմելու եւ այլ չարաշահումներ կատարելու եղանակով, իւրացուցած են առանձնապէս խոշոր չափերու գումարներ։

«Վեոլիա ջուրը» կը հերքէ ոստիկանութեան մեղարդրանքը:

Նշենք, որ գայթակղութեան մէջ ներքաշուած Ռոպերթ Նազարեանի՝ որպէս ՀՍԿՀ (Հանրային ծառայութեան կարգաւորման   յանձանժողով)  նախագահ պաշտօնավարման ժամկէտն աւարտած է այս տարուան Յուլիս 1-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment