Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ Թաթուլ Յակոբեան Ելոյթ Ունեցաւ Կլէնտէլի Կեդրոնական Գրադարանէն Ներս

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ Թաթուլ Յակոբեան Ելոյթ Ունեցաւ Կլէնտէլի Կեդրոնական Գրադարանէն Ներս

by MassisPost

Ուրբաթ, Օգոստոսի 24-ի երեկոյեան, Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Կլէնտէլի Կեդրոնական Գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիպում` ՍԻՎԻԼՆԵԹ-ի լրագրող եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեանի հետ, «Հայաստան թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք» նիւթին շուրջ

Երեկոյի բացումը կատարեց ու Թաթուլ Յակոբեանի կենսագրական գիծերը ներկայացուց ՆՍՄՄ ատենապետ Յարութ Տէր. Դաւիթեան:

Ելոյթի ընթացքին Յակոբեանը թաւշեայ յեղափոխութեան մասին պատմեց, որպէս լրագրող, որ գետնի վրայ հետեւած էր ծաւալուող եւ ապա մեծ թափ ստացող շարժումին: Ան հետաքրքիր բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպէս հնարաւոր եղաւ իշխանութենէն անարիւն հեռացնել Սերժ Սարգսեանին, որոնք էին յեղափոխութեան հիմնական դերակատարներն ու խումբերը եւ ինչ մարտահրաւէրներու առաջ կանգնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ:

Յակոբեանը պատասխանեց շուրջ 150 ներկաներու բազմապիսի հարցերու եւ ապա ներկայացուց իր եւ ԱՆԻ կեդրոնի վերջին հրատարակութիւնները, մասնաւորապէս Հնչակեան նշանաւոր գործիչ Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի «Պատասխանատուները» գիրքը, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի երեք աշխատութիւնները, Հայաստանի երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» եւ այլ հատորներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment