Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բնապահպաններու եւ «Լիտիան Արմէնիա»-ի Ներկայացուցիչներուն Միջեւ Բախում Տեղի Ունեցած է

Բնապահպաններու եւ «Լիտիան Արմէնիա»-ի Ներկայացուցիչներուն Միջեւ Բախում Տեղի Ունեցած է

by MassisPost

Բնապահպանական ճակատի ներկայացուցիչները, որ ամիսներ շարունակ փակ կը պահեն Ամուլսարի հանքավայր տանող ճանապարհները, հաղորդած են, որ «Լիտիան»ն այսօր առաւօտեան փորձած է իր աշխատակիցները մտցնել Ամուլսարի տարածք, սակայն իրենք թոյլ չեն տուած։

Ջերմուկի բնակիչ Վազգէն Գալստեանն «Ազատութեան» փոխանցած է, որ միջադէպ արձանագրուած է «Լիտիան»ի՝ Երեւանէն բերած ներկայացուցիչներու եւ ճանապարհը երեք ամիս փակ պահող քաղաքացիներուն միջեւ։

Ընկերութեան ներկայացուցիչները, ըստ Գալստեանի, իրենց ուղղութեամբ քարեր նետած են․ – «Փորձում էին փրովոկացիա (սադրանք) անէին, որպէսզի յետագայում ոստիկանութիւնը զբաղուի մեզանով: Կարծում եմ, կը զբաղուի արդէն մեզնով, որովհետեւ ակրեսիւացանք (յարձակողական եղանք)․․․Իրենց յաջողուեց մեզ ափերից հանել, ու դրա պատճառով իրենք մի քիլոմեթր վազելով փախել են էստեղից»:

Բնապահպանական ճակատի անդամ Լեւոն Գալստեանը շեշտած է, որ պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին ոչ միան «Լիտիան»ի ներկայացուցիչները, այլեւ Հայաստանի մետաղական հանքերու շահագործման թոյլտուութիւն տուած պաշտօնեաները․ – «Բոլոր պետական այն կառոյցների ղեկավարները, միջին չինովնիկները, որոնք որ ստորագրել են որոշակի թոյլտուութիւնների, այլ աքթերի տակ․․․ բոլոր հանքավայրերի հետ կապուած, յատկապէս Թեղուտի, Քաջարանի, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուեն»:

Կատարած ստուգումներէն ետք բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինը Բնապահպանութեան նախարարութեան առաջարկած  անվաւեր ճանչնալ՝ 2016-ին հաստատուած պետական փորձաքննական եզրակացութիւնը եւ «Լիտիան Արմէնիա»ին յանձնարարած է ձեռնպահ մնալ Ամուլսարի հանքավայրին մէջ ընդերքօգտագործման հետ կապուած որեւէ գործողութիւն կատարելէ մինչեւ նոր փորձաքննութեան իրականացումը:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս կը հաղորդէ տեսչութիւնը, կառոյցի ղեկավարը դիմած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազին՝ խնդրելով պարզել, թէ արդեօք «Լիտիան Արմէնիա»ի կողմէն առանց ընդերքօգտագործման իրաւունքի լեռնային զանգուած արդիւնահանելու արարքին մէջ յանցակազմ կայ, եւ սահմանուած կարգով ընթացք տալու այդ հարցին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment