Եթէ Հայաստանը կը համարէ, որ Կիւմրիի մէջ ռուսական խարիսխի իրեն պէտք չէ, մենք դուրս կու գանք թէկուզեւ վաղը, ճեպազրույցի ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։
«Հայաստանը պատրա՞ստ է անոր։ Մենք ոչ մէկուն ոչինչ պիտի պարտադրենք։ Իսկ եթէ հայ ժողովուրդը կ’ուզէէ, որ ըլլայ ինչ-որ ռուսական ռազմական ներկայութիւն, մենք կը մնանք»,- ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։
Փութին նշած է, որ Ռուսաստանը եւ Հայաստանը պայմանաւորուած են ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի շուրջ երկխօսութիւնը վարել հանգիստ կարգով, ուստի Փաշինեանը հրաւիրած է Մոսկուա, որպէսզի «նստին եւ անցնին տարբեր կէտերով»։
Այդ երկկողմ բանակցութիւններու շարքին Ռուսաստանի ղեկավարը նշած է Երեւանի ընտրութիւնը յօգուտ ԵԱՏՄ-ի կամ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի երկաթուղիներու թոյլտուութիւնը։
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանը զգալի օգուտներ կը ստանայ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ, եւ խօսքը ոչ միայն ուժանիւթակիրների գիներուն կը վերաբերի։
«Մեզ հայ ժողովուրդին հետ կը կապեն բարեկամութեան պատմական թելերը, եւ նոյնիսկ աւելին, քան բարեկամութեան. մենք հայերուն հետ փոխյարաբերութիւններու խոր արմատներ ունինք, ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին, հայերուն հետ, այդ շարքին եւ աշխարհի այս տարածաշրջանին մէջ։ Սակայն պարզապէս երկու կազմակերպութիւններուն մէջ միաժամանակ գտնուիլը անհնար է. բուսասանիտարական կանոնները, տեխնիկական չափանիշերը եւ շատ այլ բաներ այսօրուայ դրութեամբ անհամատեղելի են»,- ըսած է Փութին։

