«Շատ լաւ հանդիպում ունեցայ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւ պայմանաւորուեցինք անկեղծ ու կառուցողական խօսակցութիւնը շարունակել Մոսկուա կատարելիք իմ յառաջիկայ այցի ընթացքում»։ Ֆէյսպուքեան իր էջով այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կից տեսանիւթ հրապարակած։
«Պէտք է արձանագրել, որ երկուստեք յարաբերութիւնները՝ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները, երկու երկրների համար չափազանց կարեւոր են, եւ մենք շատ խնամքով ենք վերաբերւում այդ յարաբերութիւններին։ Ռուսաստանի Դաշնութիւնն էլ՝ նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ, խնամքով է վերաբերւում, բայց նաեւ պէտք է արձանագրել, որ նոր միջավայրում, նոր պայմաններում այդ յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու անհրաժեշտութիւն կայ։ Եւ այդ վերաձեւակերպման արդիւնքում, ես համոզուած եմ, յարաբերութիւնները կը լինեն աւելի լաւ, աւելի կառուցողական, աւելի փոխշահաւէտ եւ աւելի ջերմ»,- նշած է ան։

