Հայաստանը ՕՓԵՔ-ի (քարիւղ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւն) միջազգային զարգացման հիմնադրամէն 80 միլիոն եւրոյի վարկ պիտի ստանայ։ Կառավարութիւնը Սեպտեմբեր 3-ի նիստին հաւանութիւն տուած է այդ վարկային համաձայնագրի հաստատման։
Նախագիծին համաձայն՝ վարկային միջոցները պէտք է օգտագործուին մինչեւ Սեպտեմբեր 30։
Նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ համաձայնագիրը միտուած է երկրին մէջ մրցակցային միջավայրի բարելաւման, ներդրումներու ներգրաւման եւ պետական պիւտճէի պակասուրդի ֆինանսաւորման։
Ծրագիրը կը ներառէ ներդրումային, մաքսային, տնտեսական մրցակցութեան, թուայնացման եւ կիբեռանվտանգութեան ոլորտներու բարեփոխումներ։ Մասնաւորապէս, ընդունուած են «ներդրումներու մասին» եւ «կիբեռանվտանգութեան մասին» օրէնքները, մաքսային համակարգին մէջ ներդրուած է միասնական մաքսային հաշիւ, ինչպէս նաեւ ընդլայնուած են Մրցակցութեան պաշտպանութեան յանձնաժողովի լիազօրութիւնները։ Բարեփոխումները կը շօշափեն նաեւ կանաչ տնտեսութեան անցման, կլիմայական օրէնսդրութեան եւ արտանետումներու կառավարման ուղղութիւնները։
Վարկը կը տրամադրուի 18 տարի ժամկէտով, որմէ 5-ը՝ արտօնեալ։ Վարկի տարեկան տոկոսադրոյքը լողացող է՝ կազմուած 6-ամսեայ EURIBOR-էն եւ 1,56 տոկոսէն, որ 2026-ի Յուլիսի դրութեամբ կազմած է 4,241 տոկոս։ Մայր գումարի մարումը պիտի իրականացուի 2031-ի Յուլիսէն մինչեւ 2044-ի Յունուար։

