Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չեխիոյ Նախագահը Կը Խոստանայ Աջակցիլ Հայաստանին Ռուսաստանէն Տնտեսական Կախուածութիւնը Նուազեցնելու Հարցով

Չեխիոյ Նախագահը Կը Խոստանայ Աջակցիլ Հայաստանին Ռուսաստանէն Տնտեսական Կախուածութիւնը Նուազեցնելու Հարցով

by MassisPost

Չեխիան պիտի փորձէ աջակցիլ Հայաստանին՝ Ռուսաստանէն տնտեսական կախուածութիւնը նուազեցնելու, տնտեսական յարաբերութիւնները բազմազանեցնելու հարցով:’

Չեխիոյ նախագահ Փեթր Փավել այդ մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ նախագահական նստավայրին մէջ հանդիպման յաջորդած համատեղ ասուլիսի ընթացքին։

Չեխիոյ նախագահը ողջունած է Հայաստանի քայլերը Ռուսաստանէն ունեցած տնտեսական կախուածութիւնը նուազեցնելու ուղղութեամբ։ Ան շեշտած է, որ Ռուսաստանը կ’օգտագործէ իր ունեցած ազդեցութիւնը, ճնշումներ կը գործադրէ հարեւան երկիրներուն վրայ եւ թոյլ չի տար, որ անոնք յարաբերութիւնները ընդլայնեն այլ երկիրներու հետ։

«Հայաստանը ռուսական շուկայէն մեծ կախուածութիւն ունի, եւ մենք պիտի փորձենք աջակցիլ, որպէսզի երկիրը կարենայ նուազեցնել այդ կախուածութիւնը»,- ըսած է Փաւել՝ յիշեցնելով, որ Եւրոմիութեան Խորհուրդը նախօրէին որոշում ընդունած էր Հայաստանէն արտահանուող ապրանքներու շուրջ 80 տոկոսին համար ազատականացնել Եւրոմիութեան շուկան՝ երկու տարի ժամկէտով վերացնելով անոնց համար մաքսատուրքերը։

Չեխիոյ նախագահը նշած է, որ Հայաստանի հետ համագործակցութեան ներուժ կը տեսնէ շարք մը ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են ուժանիւթը, արհեստական բանականութիւնը, կիբեռանվտանգութիւնը, անվտանգութիւնը։

«Մենք այս հարցերուն վրայ ուշադրութիւն կը դարձնենք մեր հանդիպումներու ընթացքին, եւ յոյս ունիմ յառաջիկային պիտի ունենանք յստակ արդիւնքներ»,- ըսած է Փաւել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment