Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Եւ ԱՄՆ Համատեղ Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Սիւնիք՝ Քննարկելու ԹՐԻՓՓ-ը

ՀՀ Եւ ԱՄՆ Համատեղ Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Սիւնիք՝ Քննարկելու ԹՐԻՓՓ-ը

by MassisPost

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու համատեղ պատուիրակութիւնը այցելած է Սիւնիք՝ տեղի համայնքներուն հետ քննարկելու «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) ծրագիրը եւ տարածաշրջանային տնտեսական հնարաւորութիւնները։

Հայաստանի Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ միասին Սիւնիք այցելած են ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալէնը, Պետական Քարտուղարութեան քաղաքականութեան ծրագրաւորման հարցերով աւագ խորհրդական Ճոն Ասքոնասը եւ ԱՄՆ այլ պաշտօնեաներ։

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան փոխանցմամբ՝ հանրային հանդիպումներ տեղի ունեցած են Գորիսի, Մեղրիի եւ Կապանի մէջ։ «Մասնակիցները անմիջականօրէն հայ եւ ամերիկացի պաշտօնեաներէն լսեցին ԹՐԻՓՓ-ի ընթացքին եւ ընթացիկ տեխնիկատնտեսական աշխատանքներուն մասին, հնչեցուցին իրենց յուզող հարցերը եւ ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները։

ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալէն ընդգծեց, որ ԹՐԻՓՓ-ը տեսլականէն կ’անցնի իրականացման փուլ, եւ Հայաստանի մէջ արդէն ընթացքի մէջ են երկաթուղիի ճարտարատեխնիկական ուսումնասիրութիւնները։

Այցի ընթացքին հաւատարմատար Ալէն ընդգծած է ԱՄՆ աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ, եւ կարեւորեց ԹՐԻՓՓ-ի ներուժը՝ ստեղծելու աշխատատեղեր, ներգրաւելու ներդրումներ, բարելաւելու փոխկապակցուածութիւնը եւ ապահովելու շօշափելի տնտեսական օգուտներ ամբողջ Հայաստանի համայնքներուն, մասնաւորապէս՝ Սիւնիքի համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment