Եւրոմիութեան Խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Հայաստանէն ԵՄ արտահանուող ապրանքներու համար ժամանակաւոր առեւտուրի ազատականացման միջոցներու սահմանման։ Որոշումը նպատակ ունի աջակցիլ Հայաստանի տնտեսութեան՝ Ռուսաստանի կողմէ վերջերս սահմանուած առեւտրային սահմանափակումներու հետեւանքով յառաջացած խնդիրներու պայմաններուն մէջ։
Նախատեսուող միջոցները պիտի ազատականացնեն դէպի ԵՄ Հայաստանի արտահանման շուրջ 80 տոկոսը։ Միաժամանակ կը նախատեսուին պաշտպանական մեխանիզմներ՝ ԵՄ շուկայի արտադրողները հնարաւոր բացասական ազդեցութենէն պաշտպանելու համար։
Որոշման առնչութեամբ ԵՄ Խորհուրդին մէջ նախագահող Իրլանտայի արտաքին գործերու եւ առեւտուրի նախարար Հելեն Մաքէնթին յայտնած է. «Եւրոպան կանգնած է Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի կողքին, որոնք ընտրած են բարեփոխումներու եւ Եւրոմիութեան հետ աւելի սերտ համագործակցութեան յստակ ուղի։ Այսօրուայ որոշումը յստակ ուղերձ է. երբ մենք կը բախինք տնտեսական հարկադրանքի, ԵՄ-ն պիտի արձագանգէ։ Մենք պիտի ստեղծենք նոր հնարաւորութիւններ եւ պիտի կանգնենք մեր գործընկերներու կողքին»։
Նոր կարգաւորմամբ կը նախատեսուի ժամանակաւորապէս կասեցնել ներմուծման մաքսատուրքերը հայկական ապրանքներու լայն շրջանակի համար, այդ շարքին՝ որոշ գիւղատնտեսական ապրանքներու՝ սակագնային չափաբաժիններու պայմաններուն մէջ։
Միջոցները պիտի գործեն երկու տարի՝ կարգաւորման ուժի մէջ մտնելէ յետոյ։ Անոնք պիտի ներառեն Հայաստանէն դէպի Ռուսաստան արտահանուող թարմ միրգերու, բանջարեղէնի եւ բոյսերու մօտ 99 տոկոսը, ինչպէս նաեւ խմիչքներու եւ ալքոհոլային արտադրանքի աւելի քան 91 տոկոսը։
ԵՄ-ն կը նշէ, որ միջոցներուն նպատակը նաեւ ԵՄ-Հայաստան առեւտրային յարաբերութիւններու ամրապնդումն է՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին (CEPA) համապատասխան։
Միաժամանակ արտօնութիւններու տրամադրումը պայմանաւորուած է Հայաստանի կողմէ ծագման կանոններու պահպանմամբ, ԵՄ-ի հետ վարչական համագործակցութեամբ, ԵՄ ներմուծման նկատմամբ նոր առեւտրային սահմանափակումներ չսահմանելով եւ CEPA-ի հիմնարար դրոյթները, այդ շարքին՝ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու սկզբունքները յարգելով։

