Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արա Բաբլոյեանը Հանդիպած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին Հետ

Արա Բաբլոյեանը Հանդիպած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին Հետ

by MassisPost

27 Օգոստոսին տեղի ունեցած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Ինչպէս կը տեղեցացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը, հանդիպման նախաձեռնութեամբ նախապէս հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի նախագահը` երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին իր ըրած յայտարարութիւնով:

Բարձրացուած հարցերու շուրջ քննարկումներու արդիւնքով օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ղեկավարները մասնաւորապէս արձանագրած են.

Անկախ քաղաքական հայեացքներէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իւրաքանչիւր ոք ունի խօսքի եւ տարբերուող կարծիքի ազատութեան իրաւունք:

Դատարաններու անկախութիւնը երկրին մէջ արդարադատութեան ապահովման կարեւորագոյն երաշխիք է, հետեւաբար օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման ու հաւասարակշռման մեքանիզմը որեւէ կերպով  պէտք չէ խաթարուի:

Արադարադատութեան իրականացման համար Հայաստանի դատական համակարգը իր ողջ գործիքակազմով ինքզինք չէ սպառած, այդուհանդերձ, եթէ քաղաքական քննարկումներու արդիւնքով կողմերը գտնեն, որ կայ անհրաժեշտութիւն «անցումային արդարադատութեան» հիմնարկին, ապա ատիկա պէտք է իրականացուի Սահմանադրութեան եւ համապատասխան օրէնսդրական դաշտի փոփոխութիւններով եւ միեւնոյն ժամանակ որեւէ կերպով չվնասէ արդարադատութեան:

ՀՀ Ազգային Ժողովին կողմէ 07.06.2018 թուականին հաւանութեան արժանացած Կառավարութեան ծրագրի համաձայն «արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին»: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով իրականացնելու պարագային մեքանիզմներու շարքին հանրաքուէն կրնայ ըլլալ ամենաժողովրդավարականը, քանի որ փոփոխութեան ենթակայ Սահմանադրութիւնը ընդունուած է հանրաքուէով: Այդուհանդերձ, այս հարցով որեւէ տարբերակի ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ հանրային ու քաղաքական լայն քննարկումներու արդիւնքով: Այդպիսի հնարաւորութիւնները սպառած չեն թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ հանրային լայն շրջանակներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment