Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ժիրայր Սեֆիլեանը եւ Վարուժան Աւետիսեանը Յայտարարեցին «Սասնայ Ծռեր» Կուսակցութեան Ստեղծումը

Ժիրայր Սեֆիլեանը եւ Վարուժան Աւետիսեանը Յայտարարեցին «Սասնայ Ծռեր» Կուսակցութեան Ստեղծումը

by MassisPost

«Հիմնադիր խորհրդարան»-ի քարտուղարութեան համակարգող Ժիրայր Սեֆիլեանն ու «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման խօսնակ Վարուժան Աւետիսեանը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած են «Սասնայ ծռեր» անուամբ կուսակցութիւն ստեղծելու մասին։

2016-ին Ոստիկանութեան պարեկապահակէտային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդը գրաւելու մէջ մեղադրուող Վարուժան Աւետիսեանը, որ օրերս կալանքէն ազատ արձակուած էր, յայտարարած է, որ իրենք կը պատրաստուին մասնակցիլ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ դառնալով քաղաքական կեանքի առաջատար մասնակիցներէն մէկը։

«Հիմնադիր խորհրդարան կազմակերպութիւնը եւ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորութիւնը նախաձեռնում են ստեղծել «Սասնայ ծռեր» անուանմամբ քաղաքական կուսակցութիւն եւ մասնակցել Ազգային ժողովի առաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններին, դառնալ քաղաքական կեանքի առաջատար մասնակից», – յայտարարած է ան:

Աւետիսեանը աւելցուցած է, որ նոր ստեղծուելիք կուսակցութիւնը ըստ էութեան պիտի չհանդիսանայ զինուած խումբի ժառանգորդը, եւ որ այդ խումբը ժողովուրդի իշխանութեան վերահաստատման ներկայիս պայմաններուն փակած է զինուած պայքարի էջը։

«Ազատութեան» հարցին, թէ ով պիտի առաջնորդէ կուսակցութեան ընտրացուցակը եւ արդեօք պիտի միանան այլ քաղաքական ուժերուն, այդ շարքին Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, Վարուժան Աւետիսեանը դեռ յստակ պատասխաններ չէ տուած․ – «Համագումարը կը հաստատի այդ փաստաթղթերը, այնուհետեւ, պետական գրանցումից յետոյ, արդէն կուսակցութիւնը իր համալրուած կազմով կը սկսի գործել լիարժէք կերպով, նոր այդ ժամանակ կուսակցութիւնը կ’որոշի, իր կանոնադրութեամբ եւ օրէնքով սահմանուած կարգով, թէ ովքեր կը լինեն ղեկավար կազմում, ցուցակում ովքեր կը լինեն, ում հետ կը մասնակցեն․․․ Ես ուղղակի յորդորում եմ շատ առաջ չընկնել: Մենք հիմա չենք կարող կանխորոշել, թէ կուսակցութեան հարիւրաւոր կամ միգուցէ հազարաւոր անդամներ ինչ որոշումներ կը կայացնեն ամիսներ անց»:

Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան օրօք 10 տարի 5 ամսուան ազատազրկման դատապարտուած եւ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք  ազատ արձակուած Ժիրայր Սեֆիլեանն իր հերթին յայտարարած է, որ «նեցուկ են Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment