Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շարունակել Գործել Յեղափոխութեան Տրամաբանութեամբ

Շարունակել Գործել Յեղափոխութեան Տրամաբանութեամբ

by MassisPost

Իր պաշտօնավարման 100-րդ օրուայ առթիւ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած ելոյթը արժանացաւ բազմաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: ՀՀԿ-ականները չուշացան ձախողութիւն տեսնելու բոլոր բնագաւառներէն ներս: Յեղափոխութեան կողմնակիցներու լայն խաւը ողջունեց վարչապետի վճռական կեցուածքն ու նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ուղղուած զգուշացումները: Հնչեցին նաեւ մտահոգութիւններ՝ նոր կառավարութեան կողմնակից նկատուող քաղաքական մեկնաբաններու եւ իրաւաբաններու կողմէ:

Փաշինեանի ելոյթին մէջ կային երկու կարեւոր առաջարկութիւններ, որոնց շուրջ կեդրոնացած էին արտայայտուած մտահոգութիւններու մեծամասնութիւնը: Փաշինեան առաջարկեց ստեղծել անցումային դատական մարմիններ, ինչպէս նաեւ՝ խօսեցաւ հանրաքուէի միջոցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու եւ գործող խորհրդարանը լուծարելու նոր կարելիութիւններ ստեղծելու մասին: Ան շատ յստակ դարձուց, որ անցումային դատական մարմինները միջազգայնօրէն ընդունուած կառոյցներ են եւ պէտք չէ շփոթել զանոնք, արտակարգ դատարաններու հետ: Իսկ, սահմանադրական փոփոխութիւնները կարեւոր նկատեց, որպէսզի գործող խորհրդարանը, գտնուելով Հանրապետականներու ազդեցութեան տակ, չփորձէ ընտրել այլ վարչապետ, երբ ինք հրաժարական ներկայացնէ՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար:

Այս երկու առաջարկութիւններուն նկատմամբ արտայայտուած մտահոգութիւնները արդարացի պիտի նկատուէին, եթէ երկրին մէջ տեղի ունեցած ըլլար բնականոն՝ ընտրութիւններու միջոցաւ իշխանափոխութիւն: Սակայն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային, ոչ դասական՝ խաղաղ յեղափոխութիւն, որ տակաւին վտանգներու առջեւ կը գտնուի եւ հետեւաբար, նոր իշխանութիւնը որոշ ժամանակ պէտք է գործէ յեղափոխութեան տրամաբանութեամբ: Նախկին իշխանութիւնները ամբողջութեամբ չեն հեռացած ու առիթի կը սպասեն վերատիրանալու համար իրենց նախկին դիրքերուն: Ասոր դիմաց, որեւէ երկմտանք եւ կամ երկընտրանք կրնայ կասեցնել Փաշինեանի իշխանութեան յառաջխաղացքը ու վտանգել՝ ի գին մեծ զոհողութիւններու ժողովուրդի ձեռք ձգած յաղթանակը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment