Հայաստանի, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր պիտի ստորագրուի: Այս մասին 20 Օգոստոսին հրաւիրած մամոլոյ ասուլիսի ժամանակ լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:
«Կիպրոս կատարած այցի ընթացքում Եգիպտոսի սփիւռքի նախարարն առաջարկեց, որ Հայաստանը միանայ Եգիպտոսի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ ստորագրուած եռակողմ յուշագրին: Նախարարը նշեց, որ Եգիպտոսը Հայաստանի հետ յարաբերություններն ու համագործակցութիւնը խորացնելու ցանկութիւն ունի, որն էլ կարելի է սկսել սփիւռքի միջոցով»,- ըսաւ նախարարը:
Նախարարի հրաւէրով հոկտեմբերին համագործակցութեան շրջածիրէն ներս Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ չորս նախարարներու առաջին հանդիպումը:
Կիպրոս եւ ԱՄՆ կատարած այցերու ընթացքին նախարարը հանդիպած է նաեւ հայկական համայնքներու հետ, լսած եւ ծանօթացած է անոնց խնդիրներուն: Քննարկումներու արդիւնքով որոշուած է որոշ երկրներու մէջ հայկական դեսպանութիւններուն մէջ աւելցնել նաեւ սփիւռքի նախարարութեան մէկական ներկայացուցիչ, որոնք անընդմէջ կապի մէջ պիտի ըլլան սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հետ:
«Առաջարկը կը ներկայացնեմ Հայաստանի վարչապետին եւ Արտաքին գործերի նախարարութեանը: Հենց նախարարութեան հետ էլ այդ հարցը կը քննարկենք ու կը փորձենք կարգաւորել»,- ըսած է Հայրապետեանը:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը նաեւ նշած է, որ իր հետ հանդիպած մեր հայրենակիցներուն մեծ մասը հայրենիք վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած է, սակայն Հայաստանը մեծ ներգաղթի պատրաստ չէ:
«Բազմաթիւ խնդիրներ ունենք, որոնք թոյլ չեն տայ այս ժամանակահատուածում մեծ չափերով ներգաղթ ապահովել: Դրանք աշխատատեղերի եւ այլ հարցերի հետ կապուած խնդիրներն են, որոնք տեւական լուծման կարիք ունեն»,- նշած է Հայրապետեանը:
Պաշտօնական եւ աշխատանքային այցերու ընթացքին նախարարը եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ իր ղեկավարած գերատեսչութիւնը պատրաստ է աշխատիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք այդպիսի ցանկութիւն կը յայտնեն: