Home ԳՐԱԿԱՆ Լոյս Ընծայուած է «Հայկական Թաւշեայ Յեղափոխութիւն» Գիրքը

Լոյս Ընծայուած է «Հայկական Թաւշեայ Յեղափոխութիւն» Գիրքը

by MassisPost

Հայ ընթերցողի սեղանին նոր գիրք դրուած է` քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեանի «Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւն» գիրքը, որն օրերս լոյս ընծայած է «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը:

Հրատարակչութեան տնօրէն Մկրտիչ Կարապետեանի խօսքով` գիրքը լոյս տեսած է 17 Օգոստոսին, իսկ շնորհահանդէսը տեղի  ունենած է Հանրապետութեան հրապարակի մէջ` բազմահազարանոց հանրահաւաքի ժամանակ:

Գիրքի առաջին օրինակն ալ նախօրօք ուղարկուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

«Գաղափարը ինչո՞ւմ էր, որպէսզի ամբողջ աշխարհը իրօք տեսնի: Որովհետեւ մենք շատ բան անում ենք, եւ չենք կարողանում աշխարհին մատուցել մեր արած լաւը»,  – ըսած է Կարապետեանը:- «Այս գիրքը, ճիշդ է, նոր է լոյս տեսել, բայց արդէն շատ լաւ ընդունելութիւն է գտել: Ռուսերէնը, շատ հաւանական է, որ Սեպտեմբերի 6-ին Մոսկուայում անենք շնորհանդէսը: Իսկ հայերէնը` համարէք, որ ամսի 17-ին` միթինկի օրը, շնորհանդէսն էրՙ:

Երկու մասէն բաղկացած գիրքը կը ներկայացնէ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական գործընթացները, թաւշեայ յեղափոխութեան եւ յաղթանակի ժամանակագրութիւնն ու վերլուծութիւնը 2018- ի 31 Մարտէն 8 Մայիսն ինկած ժամանակահատուածին, երբ ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանն իր կողմնակիցներուն հետ Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակէն սկսաւ քայլարշաւը մինչեւ Երեւան, ուր ալ 2018-ի 8 Մայիսին ան Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին վարչապետ ընտրուեցաւ:

Ուշագրաւ են գիրքին մէջ տեղ գտած թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն եղած բազմաթիւ լուսանկարները, նաեւ գիրքի գլուխներու խորագիրները` «Կարող էր արդեօք հնագոյն պատմութիւնը նպաստել հայկական ժողովրդավարական ժամանակակից պետութեան կառուցման», «Հայաստանը փարատոքսների եւ քաղաքացիական փայլուն հասարակութեան երկիր է»,  «Ապրիլեան թաւշեայ յեղափոխութիւնը Հայաստանում», «Ինչով էին այդպէս զզուեցրել Հայաստանի իշխանութիւնները հայ ժողովրդին» եւ այլն:

Գիրքը լոյս տեսած է հայերէն եւ ռուսերէն, եւ գիրքի անգլերէն թարգմանութիւնն ալ պիտի հրատարակուի մօտ ապագային` մինչեւ 22 Սեպտեմբեր:

«Շատ կարեւոր էր, որ այս թաւշեայ յեղափոխութեան մասին գրենք, գրենք նաեւ ինչի հետ էր կապուած այդ յեղափոխութիւնը, ինչ պատճառներ կային, ինչու եղաւ հենց խաղաղ յեղափոխութիւն, ինչպէս ստացուեց, որ թաւշեայ եղաւ այդ յեղափոխութիւնը», – մանրամասնած է քաղաքագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment