Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մարտի 1»-ի Գործով Խուզարկութիւն Իրականացուած է Ռոպերթ Քոչարեանի Առանձնատանն ու Գրասենեակին Մէջ

«Մարտի 1»-ի Գործով Խուզարկութիւն Իրականացուած է Ռոպերթ Քոչարեանի Առանձնատանն ու Գրասենեակին Մէջ

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՀՔԾ) «Մարտի 1»-ի գործով խուզարկութիւն իրականացուցած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առանձնատան եւ գրասենեակին մէջ։ Այդ մասին «Ազատութեան» փոխանցած են Յատուկ քննչական ծառայութեան խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

Այլ մանրամասներ չէ հաղորդուած։ Երկրորդ նախագահի պաշտպան Հայկ Ալումեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ ինքը խուզարկութեան ներկայ չէ եղած, սակայն նաեւ պնդած է՝ գործին առնչուող որեւէ բան չէ յայտնաբերուած։ ֊«Բացարձակապէս որեւէ բան Մարտի 1-ի հետ առնչուող չի յայտնաբերուել», -շեշտած է պաշտպանը:

Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանն «ապօրինի» որակած է Ռոպերթ Քոչարեանի ազատ արձակելու՝ Վերաքննիչ դատարանի եւ, մասնաւորապէս, գործը քննած դատաւոր Ալեքսանտր Ազարեանի որոշումը։

Սասուն Խաչատրեանը յոյս յայտնած է, որ Գլխաւոր դատախազութիւնը վճռաբեկ բողոք պիտի բերէ, եւ Ռոպերթ Քոչարեանը դարձեալ պիտի յայտնուի անազատութեան մէջ, որպէսզի «չկարենայ խոչընդոտել» գործի քննութիւնը:

Գլխաւոր դատախազութենէն տեղեկացուցած են, որ Քոչարեանի կալանքը վերացնելու՝ Վերաքննիչ դատարանի որոշման դէմ բողոքը պիտի ներկայացնեն Վճռաբեկ դատարան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment