Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Էջմիածնի Աւագանին Միաձայն Մանուէլ Գրիգորեանը Զրկեց Էջմիածինի Պատուաւոր Քաղաքացիի Կոչումէն

Էջմիածնի Աւագանին Միաձայն Մանուէլ Գրիգորեանը Զրկեց Էջմիածինի Պատուաւոր Քաղաքացիի Կոչումէն

by MassisPost

Էջմիածինի աւագանին միաձայն որոշած է Մանուէլ Գրիգորեանը զրկել Էջմիածինի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումէն: Քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տիանա Գասպարեանն ըսած է, որ քննադատութիւններ կան, որ այսպիսով կը խախտուի մարդու անմեղութեան կանխավարկածը: «Ես՝ որպէս իրաւաբան, կարող եմ ասել, որ չենք խախտում անմեղութեան կանխավարկածը, քանի որ պատուաւոր քաղաքացու կոչումից զրկելը որեւէ իրաւական հետեւանք չի առաջացնում: Յետագայ դատաքննութիւնը ցոյց կը տայ՝ արդեօք անձը մեղաւոր է, թէ ոչ, բայց  եթէ արդէն խափանման միջոց կալանք է ընտրուել է, առնուազն հիմնաւոր կասկած կայ, որ տուեալ մարդն առնչութիւն ունի իրեն վերագրուող արարքներու հետ»,- ըսած է ան:

Ըստ անոր, պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհելը խիստ տեղական հարց է, որ կը լուծուի՝  հաշուի առնելով քաղաքի բնակչութեան տրամադրութիւնները: Հետեւաբար, հիմա պէտք է հաշուի առնել քաղաքի բնակչութեան կարծիքը:

Աւագանիի 14 անդամներէն նիստին չեն մասնակցած 4-ը, որոնց շարքին եղած է նաեւ Մանուէլ Գրիգորեանի փեսան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment