Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Քեթրին Կրուփ»-ը եւ 3 Ընկերութիւններ Պիւտճէ Վերադարձուցած են 600 Միլիոն ՀՀ Դրամ

«Քեթրին Կրուփ»-ը եւ 3 Ընկերութիւններ Պիւտճէ Վերադարձուցած են 600 Միլիոն ՀՀ Դրամ

by MassisPost

«Քեթրին Կրուփ», ինչպէս նաեւ վերջինիս հետ փոխկապակցուած «Մաքսֆրութ», «Ֆրութ Ուըրլտ», «Մելաթրոփիք» ընկերութիւններուն մէջ հարկային համալիր ստուգումներու արդիւնքով պետական պիւտճէին վճարուած է շուրջ 600 միլիոն ՀՀ դրամի լրացուցիչ հարկային պարտաւորութիւն:

Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) քննչական վարչութենէն ներս որոշումներ կայացուած են ընկերութիւններուն մէջ պիւտճէի վերստուգումներ նշանակելու մասին:

ՀՀ ՊԵԿ (պետական եկամուտներու կոմիտէ) քննչական վարչութենէն ներս դեռ 2018 թուականի մայիս ամսուն արեւադարձային միրգերու ներկրմամբ եւ մանրամեծածախ վաճառքով զբաղուող «Քեթրին Կրուփ», ինչպէս նաեւ վերջինիս հետ փոխկապակցուած «Մաքսֆրութ», «Ֆրութ Ուըրլտ», «Մելաթրոփիք» ընկերութիւններուն մէջ նշանակուած են հարկային համալիր ստուգումներ, որոնց արդիւնքով այդ ընկերութիւններու կողմէն պետական պիւտճէին վճարուած է շուրջ 600 միլիոն ՀՀ դրամի լրացուցիչ հարկային պարտաւորութիւններ:

Վերոնշեալի հիման վրայ Պետական եկամուտներու կոմիտէ (ՊԵԿ) քննչական վարչութեան մէջ քննուող քրէական գործով 16 մայիս 2018-ին որոշում կայացուած էր քրէական հետապնդում չիրականացնելու եւ քրէական գործով վարոյթը կարճելու մասին՝ պետութեան պատճառուած վնասը վերականգնուած ըլլալու հիմքով: Հարկային մարմինի յետագայ հսկողական աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած են հիշեալ ընկերութիւններուն լրացուցիչ վճարման ենթակայ հարկային պարտաւորութիւններու առաջադրման նոր հիմքեր, որու հիման վրայ դատախազի կողմէն որոշում կայացած է քրէական հետապնդում չիրականացնելու եւ քրէական գործի վարոյթը կարճելու վերաբերեալ որոշումը վերացնելու մասին:

Պետական եկամուտներու կոմիտէ (ՊԵԿ) քննչական վարչութեան մէջ քրէական գործով վարոյթը վերսկսած է, որոշումներ կայացուած են «Քեթրին Կրուփ», «Մաքսֆրութ», «Ֆրութ Ուըրլտ», «Մելաթրոփիք» ընկերութիւններուն մէջ հարկային համալիր վերստուգումներ նշանակելու մասին: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

ՊԵԿ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment