Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ «Մահաբեր Զէնքեր». Սլովաքիայի Մամուլը՝ Այդ Երկրէն Ատրպէյճան Զէնքի Ապօրինի Մատակարարումներու Մասին

«Մահաբեր Զէնքեր». Սլովաքիայի Մամուլը՝ Այդ Երկրէն Ատրպէյճան Զէնքի Ապօրինի Մատակարարումներու Մասին

by MassisPost

Սլովաքիայի մամուլն օրերս ծաւալուն յօդուած  հրապարակելով անդրադարձած է այդ երկրէն Ատրպէյճան զէնքի ապօրինի մատակարարումներուն:

Յօդուածի հեղինակ Վլատիմիր Շնիտլը մասնաւորապէս գրած է, որ Սլովաքիայի կառավարութիւնը հաուպիցներու եւ հրթիռային համազարկերու համակարգերու արտահանման արտօնագիր տրամադրած է։ Անոնք տարանցած են Իսրայէլով եւ վստահաբար յայտնուած Ատրպէյճանի մէջ։ Արտօնութեան վկայագրի  որոշումը կը կայացնէ տնտեսութեան նախարարութիւնը: Ինչպէ՞ս արտահանումը կը ստուգեն անվտանգութեան ծառայութիւնները, յայտնի չէ։

Սլովաքիայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սեյրանեանը համարձակ քայլ ըրած է, որ արտասովոր է դիւանագիտութեան մէջ: Ան հրապարակայնօրէն քննադատած է Սլովաքիոյ գործելակերպը, որուն հետ իր երկիրը երկար տարիներ բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանած է:

Սեյրանեանը Dennik N-ին սլովաքեան հաուպիցներու եւ հրթիռային համազարկային համակարգերու արտահանման վերաբերեալ կարծիք յայտնած է առ այն, որ անոնք ի վերջոյ յայտնուած են Ատրպէյճանի մէջ: Այդ առեւտուրը վերջին ամիսներուն կատարուած է միայն սլովաքեան իշխանութիւններու համաձայնութեամբ: Անոնք արտահանուած են այնպիսի երկիր մը, որուն հանդէպ կը կիրառուի նմանատիպ արդիւնաւէտ ռազմական թեխնիկայի մատակարարման արգելք:

Դեսպան Տիգրան Սեյրանեանն այդ զէնքը սպառնալիք կը համարէ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Հայերն Ատրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ երկարամեայ լարուած յարաբերութիւններ ունին:

«Այս զինատեսակներն իսկապէս վտանգաւոր են: Անոնց արտահանումը լուրջ խնդիր է, որ կրնայ խաթարել ոչ միայն իմ երկրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, այլեւ Սլովաքիոյ հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւններու պատկերը», – կը փաստէ Սեյրանեանը:

Զէնքի արտահանման ետին կանգնած է սլովաքեան MSM ընկերութիւնը, որ կը պատկանի ազդեցիկ չեխ զինագործ Եարոսլաւ Սթրնատի Czechoslovak Group-ին: Սլովաքիոյ տնտեսութեան նախարարութիւնը անոր վկայագիր տրամադրած է արդիականացուած RM-70 հրթիռային համազարկային կայանքներ եւ արդիականացուած Dana հաուպիցներ Իսրայէլ արտահանելու համար:

Չեխ լրագրողները շարք մը ապացոյցներ ձեռք բերած են, որ Իսրայէլը պարզապէս տարանցիկ կայան է, մինչդեռ զէնքի իրական գնորդն Ատրպէյճանն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment