Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարգալոյծ Հռչակուած Է Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանը

Կարգալոյծ Հռչակուած Է Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանը

by MassisPost

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Կորիւն աբեղայ Առաքելեանը‘ եկեղեցականին անյարիր վարքագիծի ու հակականոնական ընթացքի համար:

Տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կարգապահական յանձնախումբի եզրակացութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանուած մէկշաբաթեայ շրջանին զղջմամբ ու ապաշխարութեամբ դարձի գալու յորդորի անտեսումը:

Կարգալոյծ եկեղեցականն այսուհետ պիտի դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Արմէն Առաքելեան աւազանի անունով:

Յիշեցնենք, որ յայտնի նախաձեռնութեան մէջ ընդգրկուած Կորիւն աբեղայի եւ խումբ մը աշխարհականներու պահուածքի եւ գործողութիւններու առնչութեամբ անցնող շաբաթներու ընթացքին իրենց անհանգստութեան եւ դատապարտութեան խօսքը հնչեցուցած էին եպիսկոպոսաց դասը, բազմաթիւ եկեղեցականներ եւ հաւատացեալներ ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս եւ Սփիւռքէն:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները 6 Յուլիս, 2018 թուակիր խնդրագրով դիմած էին Վեհափառ Հայրապետին կարգազանց հոգեւորականին պատասխանատուութեան ենթարկելու խիստ միջոցներու ձեռնարկման վերաբերեալ:
10 Յուլիսին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին որոշում կայացուած էր Նորին Սրբութեան յորդորով մէկշաբաթեայ վերջնաժամկէտ սահմանել, որպէսզի անդրադարձումի եւս մէկ առիթ ընծայուի նախաձեռնութեան անդամներունª դադարեցնելու հակականոնական իրենց գործողութիւնները եւ վերադառնալու Սուրբ Էջմիածնի խնամակալ հովանիի ներքոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment