Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միլս․ Հայաստանի Պատմութեան Նոր Էջը Հետաքրքրութիւն Կ’առաջացնէ ԱՄՆ Գործարար Շրջանակներուն Մօտ

Միլս․ Հայաստանի Պատմութեան Նոր Էջը Հետաքրքրութիւն Կ’առաջացնէ ԱՄՆ Գործարար Շրջանակներուն Մօտ

by MassisPost

ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլսը վստահ է, որ Հայաստանի պատմութեան մէջ բացուած նոր էջը հետաքրքրութիւն պիտի առաջացնէ ամերիկեան գործարար շրջանակներուն մօտ՝ ե՛ւ ներդրումներու, ե՛ւ առեւտուրի ոլորտին մէջ։ Դեսպանը, որ նախորդ շաբաթ մասնակցած է Ուաշինկթընի մէջ Սմիթսոնեանի ժողովրդական փառատօնին, ըսած է՝ թէ՛ ամերիկահայ, թէ՛ այլ գործարարներէն լսած է, որ Հայաստանի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կայ:

«Եթէ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը հետամուտ ըլլայ իր յանձնառութիւններուն՝ արդարացի հասարակութիւն ձեւաւորելու, հաւասար պայմաններ ապահովելու, կաշառակերութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ, ապա անոնց կողմէն իրապէս մեծ հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի նկատմամբ», – ըսած է դեսպանը, որ չորեքշաբթի երեկոյեան Քասքատի մէջ մասնակցած էր ԱՄՆ Անկախութեան տօնին նուիրուած համերգին:

Միլսն ընդգծած է, որ ամերիկացի գործարարներուն կը հետաքրքրեն այն ոլորտները, որոնք կը կարեւորէ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ տեղեկատուական թեխնոլոկիաները, գիւղատնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, ուժանիւթը: Ան ըսած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներէն առեւտուրի եւ ներդրումներու ծաւալի աւելացում պէտք է ակնկալել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment