Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փոխ-Վարչապետ Աւինեանի եւ Մշակոյթի Նախարար Լիլիթ Մակունցի Այցելութիւնները Լոս Անճելոս

Փոխ-Վարչապետ Աւինեանի եւ Մշակոյթի Նախարար Լիլիթ Մակունցի Այցելութիւնները Լոս Անճելոս

by MassisPost

Անցնող  շաբթուան ընթացքին առանձին այցելութիւններով Լոս Անճելոս կը գտնուէին Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան   ու նաեւ  Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց:

Փոխ-վարչապետի ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան համար  Հայաստանի աւագ հիւպատոսութիւնը բարի գալուստի ընդունելութիւն մը կազմակերպած  էր Ուրբաթ, Յունիսի 29-ին,  հիւպատոսարանի դահլիճին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին գաղութիս հոգեւոր առաջնորդներ ու քաղաքական եւ այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները:

business forum-1

Իր ելոյթին մէջ փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտեց Հայաստանի Նոր կառավարութեան առաջադրանքները, որոնք պիտի ծառայեն երկրի յառաջընթացին եւ կեանքի բարելաւումին: Ապա կարեւորեց Հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան ծանօթացուց նաեւ իր պատուիրակութեան մաս կազմող կարգ մը անդամները. Տնտեսութեան եւ ներդրումներու փոխ-նախարար Մանէ Ադամեան, փոխադրութեանց ու հաղորդակցութեանց փոխ նախարար Յակոբ Արշակեան եւ միջազգային առեւտուրի խումբի ղեկավար (Business Armenia) Նարեկ Ալեքսանեան:

Շաբաթ Յունիս 30ին, 2018 Կլենտէյլի Embassy suites by Hilton հիւրանոցին մէջ, յետ միջօրէին տեղի ունեցաւ հանդիպում գործարար շրջանակներու հետ՝ կազմակերպութեամբ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան, Հայ-Ամերիկեան Առեւտրական Խորհուրդին եւ Business Armenia-ի: Այս առթիւ շահեկան զեկուցումով հանդէս եկաւ փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան տեղեկութիւններ տալով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ առեւտրա-տնտեսական կապերու յետագայ զարգացումներուն, նոր ներդրումներու եւ այլ բարեպատեհ հնարաւորութիւններու մասին:

Հայրենի պատուիրակութեան անդամները օգտաշատ հանդիպումներ ունեցան նաեւ տեղական կարգ մը առեւտրական հաստատութեանց ներկայացուցիչներուն հետ:

Մշակոյթի Նախարար Լիլիթ Մակունցի Ելոյթը Կլէնտէյլի Մէջ

creative-2

Ուրբաթ Յունիսի 29-ին, 2018 երեկոյեան ժամը 7ին, շուրջ 300 հայեր Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահի եկած էին Հայաստանի նորակազմ կառավարութեան մշակոյթի երիտասարդ նախարարուհի Լիլիթ Մակունցի ելոյթը լսելու իր մշակութային ծրագիրներու մասին:

Համակրելի նախարարուհին խօսք առնելով նախ իր շնորհակալութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպման համար, Ապա պարզեց իր համապարբակ բարենորոգութեանց ծրագիրը եւ արդիւնաւէտ առաջադրանքները, որոնք պիտի ընդգրկեն արուեստի եւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառները (թատրոն, գեղարուեստ, երաժշտութիւն, գրականութիւն, եւայլն): Ան յոյս յայտնեց որ սփիւռքը եւս անմասն չի մնար եւ իր աջակցութիւնը կը բերէ գեղեցիկ նախաձեռնութիւններու իրականացման գործին մէջ:

creative-3

Եղան բազմաթիւ հարցադրումներ ներկաներուն կողմէ, որոնց սիրով պատասխանեց նախարարուհին՝ թէ հայերէն եւ թէ սահուն անգլերէն լեզուներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment