«Ելք» դաշինքի մէջ չկայ քննարկում, թէ արդեօք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրկին դաշինքով կ’երթան, թէ առանձին: Այս մասին, 4 մայիսին, ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը:
Հարցին, թէ «Ելք»-ի մէջ տարաձայնութիւնները հարթուեցա՞ն, ան պատասխանած է, որ «Ելք»-ի մէջ չկայ տարաձայնութիւն. «Կային մարտավարական, սկզբունքային տարբեր հարցեր, քննարկումներ, հիմա որեւէ տարաձայնութիւն չկայ: Հիմա նոր իրողութիւն է, նոր իրավիճակ է, կայ իրականացուած թաւշեայ յեղափոխութիւն, որ իր արդիւնքներուն պէտք է հասնի, արձանագրուի վերջնականապէս եւ կանք մենք՝ բոլորս, որ աջակցում ենք այդ յեղափոխութեան կապիտալիզացիային եւ նիւթականացմանը՝ յանուն երկրում փոփոխութիւնների»,- ըսած է ան:
Դիտարկմանը, որ փողոցային պայքարի հետ կապուած «Ելք»-ի մէջ ընդհանուր յայտարարի չեկան, այդ չի՞ նշանակեր, որ այս իրավիճակէն յետոյ հնարաւոր չըլլայ երեք կուսակցութիւններու համատեղ գործունէութիւնը. «Ես չէի շտապեր այդպիսի յայտարարութիւն ընել, քանի դեռ քննարկում չենք ունեցած: Ես կը կարծեմ՝ մենք երկար գործ ունինք ընելու, ճանապարհ ունինք անցնելու եւ դուք այդ կը տեսնէք»:
Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմին, Մարուքեանը նշած է, որ նախ պէտք է ունենալ ընտրուած վարչապետ, յետոյ նոր քննարկել մնացած հարցերը. «Դա ձուկը ջրում խօսակցութիւն է»: