Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՀԿ ԽՎ Նախագահը Ողջունած է Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Ճգնաժամը Լուծելու Կառուցողական Ջանքերը

ԵԱՀԿ ԽՎ Նախագահը Ողջունած է Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Ճգնաժամը Լուծելու Կառուցողական Ջանքերը

by MassisPost

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Գէորգի Ծերեթելին յայտարարած է որ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովը ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ կ’ողջունէ քաղաքական ուժերու աշխոյժ երկխօսութիւնը:

Ան ընդգծած է՝ հաղորդագրութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ «Ելք» եւ այլ դաշինքային ընդդիմադիր կուսակցութիւններ երկրորդ անգամ առաջադրած են Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը ՀՀ վարչապետի պաշտօնին:

ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահ Ծերեթելին հեռախօսազրոյց ունեցած է խորհրդարանի խօսնակ Արա Բաբլոյեանի հետ, քննարկած իրավիճակը եւ առաջարկած ԵԱՀԿ ԽՎ-ի աջակցութիւնը երկխօսութեան գործընթացին մէջ: Ան նաեւ խօսած է ԵԱՀԿ ԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղտալեանի հետ:

«Իմ զրոյցները Հայաստանի մէջ խորհրդարանական գործընկերներու հետ ամրապնդեցին իմ վստահութիւնը, որ Երեւանի առաջատար քաղաքական գործիչները հաւատարիմ են իրավիճակի կառուցողական լուծման: Ես ընդգծած եմ, որ բոլոր կողմերը պէտք է ցուցաբերեն համապատասխան զսպուածութիւն եւ շարունակեն արդիւնաւէտ երկխօսութեան ուղին», – նշած է Ծերեթելին:

Ան նաեւ ըսած է՝ ներկայիս իրավիճակը յաջորդած է Երեւանի մէջ եւ այլ քաղաքներու մէջ շաբաթներով իրականացուած փողոցային բողոքի ցոյցերուն: Վեհաժողովի նախագահը ընդգծած է, որ խաղաղ ցոյցերը կարծիքներու արտայայտման կարեւոր ուղի են, միաժամանակ խրախուսած է, որ  քաղաքական երկխօսութիւնը տեղի ունենայ խորհրդարանական համակարգի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment