Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները թուրքական Կիրեսուն քաղաքի մէջ կայացած երկօրեայ գագաթնաժողովի աւարտին համատեղ հռչակագիր ստորագրած են` պարտաւորուելով խորացնել եռակողմ ռազմաքաղաքական համագործակցութիւնը:
«Մեր համագործակցութիւնը օրինակելի բնոյթ կը կրէ: Մեր երկիրներու կողմէն իրականացուող բոլոր տարածաշրջանային կենսուժը, առեւտրային նախագիծերը մեծապէս կախուած են Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի [պաշտպանութեան նախարարութիւններու] համագործակցութեան մակարդակէն», – յայտարարած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզօրիան:
Վրաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ ըսած է, որ առաջիկային Թիֆլիսը եւ Անգարան կը պատրաստուին խորացնել համագործակցութիւնը ռազմատեխնիկական ասպարէզի մէջ: «Մենք արդէն իսկ յստակացուցած ենք այդ համագործակցութեան ժամկէտները»,- նշած է Իզօրիան եռակողմ հանդիպման աւարտին կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ: