Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արեւմուտք-Ռուսաստան Յարաբերութիւններու Սրումը «Չի Խոչընդոտեր» ԵՄ- Հայաստան Համաձայնագիրի Վաւերացումը

Արեւմուտք-Ռուսաստան Յարաբերութիւններու Սրումը «Չի Խոչընդոտեր» ԵՄ- Հայաստան Համաձայնագիրի Վաւերացումը

by MassisPost

Կառավարութեան նիստէն յետոյ փոխարտգործնախարար Շաւարշ Քոչարեանը լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց, որ Արեւմտեան երկիրներու հետ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու մէջ ի յայտ եկած լարուածութիւնը ազդեցութիւն չունենար Արեւմուտքի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու վրայ եւ խոչընդոտներ չի յարուցեր Եւրամիութեան հետ անցեալ տարի նոյեմբերին կնքուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման գործընթացին մէջ:

Գրեմլի ու արեւմտեան առաջատար երկիրներու միջեւ նոր լարուածութեան պատճառ հանդիսացաւ Մարտ 4-ին բրիտանական Սոլսպերի քաղաքի մէջ տեղի ունեցած դէպքը, երբ ծանր թունաւորում ստացած էին Ռուսաստանի ռազմական հետախուզութեան պաշտօնաթող գնդապետ, յետագային Լոնտոնի օգտին լրտեսութեան համար դատապարտուած Սերգէյ Սկրիպալը եւ անոր դուստր Յուլիան: Պաշտօնական Լոնտոնը մեղադրեց Ռուսաստանի իշխանութիւնները: Միացեալ Նահանգներու, Մեծ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ` խստօրէն դատապարտելով կատարուածը, այն բնորոշելով, որպէս յարձակում Մեծ Բրիտանիոյ ինքնիշխանութեան դէմ եւ սպառնալիք իրենց անվտանգութեան:

Շաւարշ Քոչարեանը գրեթէ անհաւանական համարեց, որ Եւրամիութեան անդամ երկրներու մակարդակով նոյնպէս փորձ կատարուի խոչընդոտելու Պրիւսելի հետ Հայաստանի ստորագրած հիմնարար համաձայնագիրի վաւերացումը:

Կառավարութիւնը համաձայնութիւն ներկայացուց Հայաստանի ու Եւրամիութեան եւ հիւլէական ուժի եւրոպական համայնքի ու անոնց անդամ պետութիւններու միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծին: 16 մարտին Հայաստանի Սահմանդրական դատարանը որոշած էր, որ համաձայնագիրը կը համապատասխանի երկրի Սահմանադրութեան, եւ այժմ հերթը Ազգային ժողովինն է վաւերացնելու փաստաթուղթը:

Երեւանի ու Պրիւսելի միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը Եւրամիութեան անդամ 28 երկրներէն առայժմ վաւերացուցած է միայն Էստոնիան:

Պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Անդրանիկ Քոչարեանի կարծիքով, Ռուսաստան – Արեւմուտք վերստին սրուած յարաբերութիւնները կրնան վտանգաւոր ըլլալ Հայաստանի համար․- «Մենք պէտք է ուշադիր լինենք, որովհետեւ այդ հակամարտութիւնը Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի խորանալու ձգտում  ունի: Որովհետեւ խորանալով՝ այս ամէնը տեղափոխելու է նաեւ Սիրիա, այլ հակամարտութեան դրսեւորումներ են նորից ի յայտ գալու։ Մենք մտել ենք արդէն գերտերութիւններու հետախուզական ծառայութիւնների հակամարտութեան շրջան, իսկ այնտեղ կարող է նաեւ ծրագրաւորումներ լինեն, որպէսզի տուեալ խնդիրը լուծեն՝ լուծեն նաեւ այլ հակամարտութիւններ արթնացնելու խնդիրներ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment