Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիան Բանտարկեալներու Թիւով Եւրամիութեան Երկիրներու Մէջ Առաջին Տեղը կը Գրաւէ

Թուրքիան Բանտարկեալներու Թիւով Եւրամիութեան Երկիրներու Մէջ Առաջին Տեղը կը Գրաւէ

by MassisPost

Թուրքիան բանտարկեալներու թիւով Եւրամիութեան 43 երկիրներու շարքին առաջին տեղը կը գրաւէ։ Այս մասին յայտնի դարձած է Եւրոպական խորհուրդի կողմէն այսօր հրապարակուած քրէական վիճակագրութեան 2016թ․ տարեկան հաշուետուութենէն։

Զեկոյցի համաձայն՝ 2016թ․ թուրքական բանտերու մէջ անազատութեան մէջ գտնուած է 192․627 բանտարկեալ։ Այս ցուցանիշով երկրորդ տեղը Անգլիան է, ուր կայ 94․000 բանտարկեալ։

Ընդ որում՝ Թուրքիոյ մէջ ազատազրկուածներու թիւը 2006-2016թթ․ ընթացքին աւելցած է  161 տոկոսով, որ մրցանշային է ողջ Եւրամիութեան տարածքին։

Իսկ 2015-2016թթ․ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կալանաւորներու թիւը աճած է 8 տոկոսով։ Այս ցուցանիշով երկիրը երկրորդ տեղը կը գրաւէ Եւրոպայի մէջ՝ Պուլկարիայէն յետոյ։

Թուրքիան նաեւ առաջատար է այն կալանաւորներու թիւով, որու դէմ յարուցուած դատական գործընթացները դեռեւս չեն աւարտուած։ Նման բանտարկեալներու թիւը Թուրքիոյ մէջ կը կազմէ 37․1 տոկոս։

Զեկոյցէն յայտնի է նաեւ, որ Թուրքիոյ բանտերու մէջ 3 տոկոսով աւելի շատ բանտարկեալ կայ, քան կրնան ընդունիլ։ Թուրքիան երկրորդ տեղը կը գրաւէ նաեւ 10 տարուան եւ աւելի ազատազրկման դատապարտուած բանտարկեալներու թիւով։ Անոնք դատապարտեալներու ընդհանուր թիւի 45 տոկոսը կը կազմեն։ Իսկ առաջին տեղը կը գրաւէ Յունաստանը՝ 50 տոկոս ցուցանիշով։ Նշենք, որ Եւրոպայի համար այս չափանիշի միջին ցուցանիշը 15 տոկոսն է։

Ըստ բնակչութեան թիւի եւ բանտարկեալներու թիւի յարաբերակցութեան՝ Թուրքիան երկրորդ տեղը կը գրաւէ  Վրաստանէն յետոյ։ Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր 10․000 բնակիչէն 245-ը ազատազրկուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment