Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութինը Հետաքրքրուած Չէ Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Կարգաւորմամբ. Ատրպէյճանցի Փորձագէտ

Փութինը Հետաքրքրուած Չէ Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Կարգաւորմամբ. Ատրպէյճանցի Փորձագէտ

by MassisPost

«Ատրպէյճանը Ռուսաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը կրնայ խորացնել միայն մէկ պայմանով՝ եթէ Ռուսաստան  ճնշէ Հայաստանի իշխանութիւններուն  վրայ եւ ապահովէ  գոնէ հինգ շրջաններու ազատումը, սակայն մօտ ապագային այդ չի նշմարուիր», – նման կարծիք յայտնած է «Ատլաս» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Էլհան Շահինօղլին՝ «Թուրան»-ի հետ զրոյցին մէջ անդրադառնալով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերընտրութեանը եւ անոր ազդեցութեան տարածաշրջանի ու Ռուսաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու վրայ:

«Փութինը կրկին նախագահ ընտրուած է, եւ անոր դիրքորոշումը Ղարաբաղի հարցին մէջ չի փոխուիր: Ան հետաքրքրուած չէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ, որու մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին», – ըսած է ատրպէյճանցի փորձագէտը:

Անոր կարծիքով՝ Տմիթրի Մետվեթեւը, երբ Ռուսաստանի նախագահ էր, կը ցանկանար լուծել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, ան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու 10 հանդիպում կազմակերպած էր, սակայն, ըստ փորձագէտի, Փութինը խանգարած է:

Էլհան Շահինօղլիի խօսքով՝ Ռուսաստանը միշտ պաշտպանած է Հայաստանը եւ օգտագործած Ատրպէյճանի դէմ:

Ան նշած է, որ անցած տարիներուն Ատրպէյճանը մօտաւորապէս 5 միլիառ տոլարի զէնք գնած է Ռուսաստանէն, սակայն այս տարուայ հասոյթով Մոսկուայէն խոշոր խմբաքանակի սպառազինութիւններու գնումներ նախատեսուած չեն:

«Այդ կը նշանակէ՝ Ատրպէյճանը կը կրճատէ զէնքի ներմուծումը Ռուսաստանէն, եւ Արեւմուտքը այդ կը տեսնէ», – ըսած է Էլհան Շահինօղլին՝ աւելցնելով, թէ տնտեսութեան ոլորտին մէջ, ի տարբերութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճանը բաց է ոչ միայն ռուսական, այլեւ միւս շուկաներու համար:

«Մեր առեւտուրի հիմնական գործընկերները արեւմտեան երկրներն են: Ռուսաստանի հետ մերձեցումը կրնայ վնասել Ատրպէյճանը, մեզ կախուածութեան մէջ ձգել Մոսկուայէն», – ամփոփած է Շահինօղլին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment