Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արթուր Ալեքսանեանը Դարձաւ Աշխարհի Եռակի Ախոյեան

Արթուր Ալեքսանեանը Դարձաւ Աշխարհի Եռակի Ախոյեան

by MassisPost

Փարիզի մէջ ընթացող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան 98 կգ քաշային կարգի ոսկի մետալը վիճարկեցին Հայաստանի հաւաքականի առաջատար, ողիմպիական ոսկի մետալակիր, աշխարհի կրկնակի, Եւրոպայի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը եւ աշխարհի գաւաթակիր, ռուսաստանցի Մուսա Եվլոեւը։

Եզրափակիչի առաջին մրցափուլին ըմբիշները վաստակեցին մէկական միաւոր։ Ընդմիջումէն ետք առաջին միաւորը շնորհուեց Արթուր Ալեքսանեանին, ան փորձեց 4 միաւորնոց հնարք իրականացնել, սակայն Ռուսաստանի ներկայացուցիչը չյանձնուեցաւ, բայց քանի որ մրցակիցը արդեն պասիվութեան նկատողութիւն ունէր, եւս մէկ միաւոր վաստակեց Արթուր Ալեքսանյանը։ Գօտեմարտի աւարտին հայ ըմբիշը դուրս հրեց մրցակցին մրցագորգէն եւ յաղթեց 3։1 հաշիւով։

Յիշեցնենք, որ կիսաեզրափակիչին Արթուր Ալեքսանեանը 58 վայրկեանի մէջ 8։0 հաշիւով տապալեց Ուզբեկստանը ներկայացնող Ռուստամ Ասակալովին։ Քառորդ եզրափակիչին Ալեքսանեան 6։2 հաշիւով յաղթած էր վրացի Ռեւազի Նադարեիշվիլիին, 1/8 եզրափակիչին 10։1 հաշիւով տպաւորիչ յաղթանակ տարած էր ԱՄՆ ներկայացնող Թրեյսի Հենքոկի նկատմամբ, իսկ 1/16 եզրափակիչին 3։1 հաշիւով պարտութեան  մատնած էր իրանցի Սալեհիզադեին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment