Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Հետաքրքրուած է Ռուսական Նորագոյն Զենիթահրթիռային Համակարգերով

Ատրպէյճան Հետաքրքրուած է Ռուսական Նորագոյն Զենիթահրթիռային Համակարգերով

by MassisPost

Ռուսիոյ մէջ մեկնարկող «Բանակ 2017» խորագիրը կրող գագաթնաժողով-ցուցահանդէսին առաջին անգամ պիտի ներկայացուին «C-500» եւ «Антей-400» նորագոյն զենիթահրթիռային համակարգերը, որոնց հաւանական գնորդներու ցուցակին մէջ փորձագէտները կը նշեն նաեւ Ատրպէյճան։

«Իզուեսթիա» թերթը, յղում կատարելով ռազմական հարցերով փորձագէտներուն, կը գրէ, որ այս նորագոյն համակարգերը մեծ հետաքրքրութիւն պիտի առաջացնեն շարք մը հաւանական գնորդներու մօտ։

Մէջբերելով Անտրէյ Ֆրոլովին խօսքը, թերթը կը գրէ, որ հնարաւոր գնորդներու ցուցակը բաւական մեծ է՝ Չինաստան, Հնդկաստան, Վիեթնամ, Ալժիր, Ղազախիստան, Ատրպէյճան, Թուրքիա, Եգիպտոս, Իրան, Իրաք, Քուէյթ, Քաթար։

Ընդ որում, հաւանական գնորդներուն «C-500» եւ «Антей-400» համակարգերը պիտի ներկայացուին փակ ցուցադրութեամբ։

«Յայտնի է նաեւ, որ «C-500»ը կրնայ խոցել յայտնի թիրախներէն գրեթէ բոլորը, այդ թուին՝ նաեւ ամերիկեան թռչող սարքերը», – կը գրէ թերթը։

«Ռուսական բանակն այս համակարգը պիտի ստանայ 2019-ին», – ըսած է «Алмаз-Антей» հիմնարկի ղեկավար Ալեքսանտր Վետրով, չբացայայտելով այլ մանրամասներ այս գաղտնի պահուող սպառազինութեան վերաբերեալ։

Ռազմական ակադեմիայի փրոֆեսոր Վատիմ Քոզիւլին մասնաւորապէս կը գրէ, որ այդ համակարգերը կրնան խոցել թռչող մարմինները ինչպէս օդին մէջ մեծ հեռաւորութեան վրայ, այնպէս ալ տիեզերքի մէջ։

«C-500»էն շատ քիչ բան յայտնի է, թերեւս միայն այն, որ այդ «C-400» զենիթահրթիռային համակարգի նորացած տարբերակն է։ Նոր համակարգին համար յատուկ ստեղծուած են նաեւ նոր հրթիռներ: «Էսփորթ վոորուժենիա» ամսագրի փորձագէտ Անտրէյ Ֆրոլովի կարծիքով, առաջին գնորդը հաւանաբար Հնդկաստանը պիտի ըլլայ, որուն հետ Ռուսիա համապատասխան պայմանագիր ունի։

Աւելի վաղ Սուրիոյ մէջ Ռուսիա արդէն օգտագործած է «C-300» եւ «C-400» համակարգերը՝ օդային յարձակումներու համար անխոցելի դարձնելով Ասատի կողմէ կառավարուող շրջանները։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ՝ Յուլիսին, «Պլումպըրկ» գործակալութիւնը, յղում կատարելով թրքական բարձրաստիճան իր աղբիւրներուն, գրած էր, թէ Թուրքիա համաձայնած է 2,5 միլիառ ԱՄՆ տոլար վճարել ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան «C-400» համակարգեր ձեռք բերելու համար: Գործարքով նախատեսուած է Անգարային երկու «C-400» համակարգերու տրամադրում, եւս երկուքի արտադրութեան կազմակերպում նոյն Թուրքիոյ մէջ։ Այսինքն, ըստ «Պլումպըրկ»ի, խօսքը ոչ միայն այդ համակարգերը, այլեւ անոնց պատրաստման տեխնոլոկիան ձեռք բերելու մասին է: Իսկ «C-500» համակարգի հաւանական գնորդներու ցուցակին մէջ նշուած են ե՛ւ Պաքուն, ե՛ւ Անգարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment