Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Գերմանիոյ Սահմանադրական Դատարանը Մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Ուղղուած Հայցը

Գերմանիոյ Սահմանադրական Դատարանը Մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Ուղղուած Հայցը

by MassisPost

Գերմանիոյ սահմանադրական դատարանը մերժած է Պունտեսթակի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշման դէմ ներկայացուած հայցը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Doğan» լրատուական գործակալութիւնը:

Ծագումով թուրք փաստաբան Ռամազան Աքպաշ դիմած էր սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով չեղարկել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող խորհրդարանական որոշումը:

«Doğan»-ի հետ զրոյցին Աքպաշ ըսած է, որ Գերմանիոյ դատարանը իր ներկայացուցած հայցադիմումը վարոյթ չէ ընդունած: Որպէս հիմնաւորում դատարանը նշած է, որ չկան բաւարար ապացոյցներ այն մասին, թէ Պունտեսթակի որոշումը կը ոտնահարէ հայցուորի հիմնարար կամ յարակից իրաւունքները:

Թուրք փաստաբանը աւելցուցած է, որ իրենք արդէն ստացած են դատարանի վճիռը եւ կը պատրաստուին յառաջիկային հայց ներկայացնել նաեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ): Աքպաշ նշած է նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի դէմ 8 տարբեր հայցեր ներկայացուած են Գերմանիոյ սահմանադրական դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment