Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Եւրադատարանը Արագ Կարգով կը Քննէ Վահան Շիրխանեանի Գործը

Եւրադատարանը Արագ Կարգով կը Քննէ Վահան Շիրխանեանի Գործը

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը ընդունած է արդէն մէկ տարի կալանավայր գտնուող պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեանի պաշտպաններու դիմումը: Նորք-Մարաշի մէջ, մէկ տարի առաջ վնասազերծուած զինուած խումբի գործով մեղադրուող Շիրխանեանի պաշտպան Հայկ Ալումեան ըսաւ՝ Սթրասպուրկեան դատարանը որոշած է արագ ընթացակարգով քննել դիմումը:

Պաշտպանները ներկայացուած դիմումին մէջ պնդած են, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը խախտէ Եւրոպական համաձայնութիւնը՝ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարարին խոշտանգած են բանտին մէջ՝ հրաժարելով տեղափոխել քաղաքացիական հիւանդանոց։

Յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցելու եւ անոր օգտին գործելու մէջ մեղադրուող Շիրխանեանի շահերու պաշտպան ահազանգած է՝ 69-ամեայ տղամարդը արդէն ունի ոչ թէ առողջութեան պահպանման, այլ կեանքի խնդիր։ Հայկ Ալումեան ահազանգած է՝ այսպէս շարունակուելու պարագային Շիրխանեան չի կրնար մասնակցիլ դատական նիստերուն։

Ի դէպ, ըստ մեղադրանքի՝ իշխանութիւնը զաւթելու նպատակով ստեղծուած զինուած խումբի գործով առաջին դատական նիստը յետաձգուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարարի բացակայութեան պատճառով:

Նախկին պաշտպանութեան փոխնախարարի առողջական վիճակին վերաբերեալ ամիս մը առաջ յայտարարութիւն տարածած էր Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Արման Թաթոյեան նշած էր, որ խախտուած է Շիրխանեանի առողջութեան պահպանման իրաւունքը, եւ առաջարկած տեղափոխել զինք մասնագիտացած քաղաքացիական հիւանդանոց: Միեւնոյն ժամանակ, օմբուդսմենը (Մարդու Իրաւունքներու  Պաշտան)  պահանջած էր պատասխանատուութեան ենթարկել քրէակատարողական ծառայութեան աշխատակիցներուն, որոնց մեղքով Վահան Շիրխանեան յայտնուած է այս վիճակին մէջ։

Երկու շաբաթ առաջ Վահան Շիրխանեանին բանտին մէջ այցելած էին քրէակատարողական հիմնարկներուն մէջ դիտորդութիւն իրականացնող հասարական խումբի ներկայացուցիչները։ Փաստաբան Արա Ղարակէօզեան ըսաւ, որ իր կարծիքով՝ անոր հնարաւոր չէ բանտային պայմաններու մէջ պահել: Մինչդեռ Արդարադատութեան նախարարութիւնը դիտորդներուն յղած նամակին մէջ նշած է, որ Հանրապետութեան լաւագոյն մասնագէտները Շիրխանեանին կը հսկեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment