Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնական Այցով Հայաստան Պիտի Ժամանէ Իրանի Նախագահ Հասան Ռոհանին

Պաշտօնական Այցով Հայաստան Պիտի Ժամանէ Իրանի Նախագահ Հասան Ռոհանին

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով 21 Դեկտեմբերին պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն կը ժամանէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահ Հասան Ռոհանի, այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը։

Այցի ընթացքին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահը հանդիպումներ կ’ունենայ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:

ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ հայ-իրանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին նախատեսուած է շարք մը ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան խորացման ուղղուած փաստաթղթերու ստորագրման արարողութիւն:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռոհանի ԶԼՄ-ներու առջեւ հանդէս կու գան բանակցութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ յայտարարութիւններով:

Երեւանի մէջ, Հայաստանի եւ Իրանի նախագահները ներկայ կը գտնուին նաեւ Հայաստան-Իրան գործարար համաժողովին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment