Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Լոպիիսթը Նշանակուեցաւ Թրամփի Ազգային Ապահովութեան Խորհրդական

Թրքական Լոպիիսթը Նշանակուեցաւ Թրամփի Ազգային Ապահովութեան Խորհրդական

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Տանոլտ Թրամփ լծուած է նոր կառավարութեան անդամներու եւ Սպիտակ Տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նշանակումները ամբողջացնելու աշխատանքին:

Առաջին նշանակումներու շարքին էր, Ազգային Ապահովութեան Խորհրդականի խիստ կարեւոր պաշտօնը Սպիտակ Տունէն ներս: Այս պարտականութիւնը վստահուեցաւ փոխ զօրավար Մայքըլ  Ֆլիննին, որ Տանոլտ Թրամփի թեկնածութեան առաջին պաշտպաններէն մին հանդիսացած էր:

Մայքըլ Ֆլինն նախագահ Պարաք Օպամայի օրով կը վարէր Պաշտպանական Հետախուզութեան Գործակալութեան  տնօրէնի պաշտօնը` մինչեւ 2014 թուականը, երբ ան պաշտօնէ հեռացուեցաւ իր ծայրայեղ հակումներուն պատճառաւ:

Մայքըլ Ֆլիննի նշանակումը Ամերիկեան մամուլի մօտ յառաջացուց մտահոգութիւն, նկատի առնելով անոր կապերը Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ:

The Daily Caller կը տեղեկացնէ որ, Մայքըլ Ֆլիննի  կողմէ հիմնուած,  հետախուզական խորհրդատուական ընկերութիւնը վերջերս որպէս լոպիիսթ  վարձուած էր հոլանտական կազմակերպութեան մը կողմէ, որ մօտ կապեր ունի թրքական կառավարութեան եւ նախագահ Ռաճէփ Էրտողանի հետ: Իսկ The Intercept  կը գրէ որ, Ֆլիննի ընկերութիւնը` Flynn Intel Group-ը տասնեակ հազարաւոր տոլարներ ստացած է թուրք գործարար Քամիլ Էքիմ  Ալփթէքինէն, իրեն պատկանող մէկ ընկերութեան, միջազգային հարցերու շուրջ վերլուծութիւններ պատրաստելու համար:

The Intercept կ’աւելցնէ որ,  Մայքըլ Ֆլիննին պատկանող ընկերութիւնը օրէնքի համաձայն, Գոնկրէսի մօտ արձանագրուած է, որպէս լոպիիսթական  կազմակերպութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment