Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանը կը Հրապարակէ Ղարաբաղի Հարցով ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովի Յայտարարութիւնը

Երեւանը կը Հրապարակէ Ղարաբաղի Հարցով ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի արտգործնախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին   եւ ֆեյսպուքեան էջին, ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ (ՀԱՊԿ) Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը իր ֆեյսպուքեան էջին այսօր հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով հրապարակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու Հոկտեմբեր 14-ով թուագրուած յայտարարութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է․- «Աջակցութիւն ենք յայտնում Մայիսի 16- ին Վիեննայում եւ Յունիսի 20-ին   Սանկտ-Փեթերպուրկում   ղարաբաղեան հիմնախնդրի վերաբերեալ տեղի ունեցած գագաթաժողովներին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններին՝ ուղղուած հակամարտութեան գօտում իրավիճակի սրման կանխարգելմանը, իրադրութեան կայունացմանը եւ խաղաղ բանակցային գործընթացի առաջ մղման համար պայմանների ստեղծմանը:

Հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ աջակցութիւն ենք յայտնում ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների ջանքերին՝ ուղղուած հակամարտութեան կարգաւորմանը` միջազգային իրաւունքի նորմերի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինկեան եզրափակիչ ակտի դրոյթների, մասնաւորապէս` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, պետութիւնների տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ»:

Յիշեցնենք, անցեալ շաբաթավերջին Երեւ անի մէջ կայացած ՀԱՊԿ գագաթնաժողովի ժամանակ, չնայած կազմակերպութեան անդամ երկիրներ ու արտգործնախարարները հաւանութիւն տուած էին   Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ պետութիւններ ու ղեկավարներու յայտարարութեան բնագրին, Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տիմիդրի Բեսկովը ըսաւ , թէ տուեալ հարցով յայտարարութիւն երեւանեան գագաթնաժողովը չի ընդունիր:

Ամփոփելով ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարներ ու հանդիպման արդիւնքները՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձի մասով, ըստ էութեան,  շարադրեց վերոյիշեալ յայտարարութեան դրոյթները:

Գագաթնաժողովին յաջորդ օրերուն Հայաստանի արտգործնախարարութիւնը եւ մասնաւորապէս արտգործնախարարի տեղակալ   Շաւարշ Քոչարեանը   տարբեր առիթներով վկայակոչած են տուեալ հարցով ՀԱՊԿ երեւանեան գագաթնաժողովին ընդունուած յայտարարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment