«Հայաստանի բնակչութեան մօտ վեց տոկոսն այսօր թերի է սնուում»,- կը պնդեն Ուաշինկթըն գործող Միջազգային պարենային քաղաքականութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի մասնագէտները` այս շաբաթ հրապարակած իրենց ամէնամեայ զեկոյցին մէջ:
Սովի եւ պարենային ճգնաժամերու ուսումնասիրութեամբ զբաղող հետազօտական այս կառոյցի մասնագէտներու տուեալներով, թերսնուածութեան մակարդակը Հայաստանի մէջ վերջին մէկուկէս տասնամեակին նուազէր է շուրջ երեք անգամ: «2000-ին նորմայից քիչ սնունդ էր սպառում Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան մէկ հինգերորդը կամ 21 տոկոսը»,- կ′արձանագրեն ուաշինկթընեան հետազօտական կեդրոնի մասնագէտները:
Համեմատութեան համար` դրացի Վրաստանի մէջ թերսնուածութեան մակարդակը այսօր աւելի բարձր է, քան Հայաստան: Զեկոյցի հեղինակներուն տուեալներով, այժմ թերի կը սնուի Վրաստանի բնակիչներու 7.4 տոկոսը:
Պարենային քաղաքականութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի մասնագէտները, ի դէպ, կ′արձանագրեն, որ թերսնուածութեան մակարդակով հարաւ-կովկասեան պետութիւններու շարքին առաւել բարւոք վիճակի մէջ է Ազրպէյճանը: Այստեղ սահմանուած օրինակէն քիչ սնունդ կը սպառէ բնակչութեան մօտ մէկուկէս տոկոսը միայն:
Դատելով զեկոյցին մէջ տեղ գտած տուեալներէն` Ազրպէյճանը վերջին 15 տարիներուն յաջողած է կտրուկ կերպով նուազեցնել թերսնուածութեամբ տառապող իր քաղաքացիներու թուաքանակը:
«2000 թուականին Ազրպէյճանն այս ցուցանիշով Հարաւային Կովկասի առաջատարն էր, այստեղ թերի էր սնուում բնակչութեան աւելի քան 22 տոկոսը»,- կ′արձանագրեն փաստաթուղթի հեղինակները:
Ամերիկացի մասնագէտները նաեւ փորձէր են բացայայտել ազգաբնակչութեան ամենակրտսեր խումբին մէջ` մինչեւ հինգ տարեկաններու սահմանին նկատուող բնախօսական միտումները, որոնք եւս ուղղակի կապ ունին սպառող սնունդի քանակի եւ որակի հետ:
Ուաշինկթըն գործող հետազօտական կեդրոնի տրամադրութեան տակ եղած վերջին տուեալներով, Հայաստան բնակող մինչեւ հինգ տարեկան երեխաներու մօտ 5 տոկոսի քաշը` հասակի համեմատ, սահմանուած օրինակէն պակաս է: «Նոյն տարիքային խումբի ներկայացուցիչներու մօտ 13 տոկոսի հասակն ալ միջինէն ցած է».- կ′արձանագրեն հետազօտական կեդրոնի փորձագէտները:
Միջազգային պարենային քաղաքականութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի տուեալներով, սակայն, Հարաւային Կովկասի պետութիւնները թերսնուածութեան մակարդակով ցած վտանգի գօտիին մէջ են:
Յետխորհրդային պետութիւններէն այս առումով առաւել մտահոգիչ է միջինասիական շարք մը պետութիւններու եւ Մոլտովայի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: