Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ կը Մեկնարկի ՀԱՊԿ-ի Հերթական Գագաթնաժողովը

Երեւանի Մէջ կը Մեկնարկի ՀԱՊԿ-ի Հերթական Գագաթնաժողովը

by MassisPost

Հայաստան պիտի ժամանեն ռազմաքաղաքական կազմակերպութեան անդամակցող պետութիւններու նախագահները, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործերու նախարարները, ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու նախագահները:

Այս պահին յայտնի է, որ նախագահներէն Երեւան չի ժամանէր միայն Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարբաեւը, որ հիւանդութեան պատճառով հրաժարած է Ատրպէյճան եւ Հայաստան կատարելիք այցերէն:

Հարկ է նկատի առնել, որ Ղազախստանի նախագահը յետխորհրդային տարածաշրջանի ամենաերկարակեաց ու տարեց ղեկավարներէն է: Ղազախստանցի փորձագէտներէն ոմանք, կարծիք յայտնած են, թէ նախագահի «հիւանդութիւնը» պատրուակ է՝ խուսափելու հայաստանեան այցէն:

Վաղը մեկնարկելիք գագաթնաժողովի այլ սադրանք ալ ՀԱՊԿ յաջորդ գլխաւոր քարտուղարի նշանակումն է: Հայաստանեան մամուլը գրած էր, թէ այդ պաշտօնը առաջարկուած է այն ժամանակ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին, սակայն վերջինս հրաժարած է: ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը, պէտք է զբաղեցնէ Հայաստանի ներկայացուցիչը, որուն անունը կը յայտարարուի վաղը:

Այլ սադրանք է սուրիական ճգնաժամի հարցով սպասուող համատեղ յայտարարութիւնը: Ռուս-ամերիկեան՝ առայժմ քաղաքական հակամարտութիւնը Սուրիոյ մէջ, փորձագէտներու գնահատմամբ, հատած է կարմիր գիծը, ու չի բացառուիր, որ Ռուսիան փորձէ քաղաքականէն ռազմականի վերածելու վտանգ պարունակող այս հակամարտութեան մէջ ներգրաւել իր դաշնակիցներուն, առաջին հերթին՝ ՀԱՊԿ-ի գծով:

Ուշագրաւ է, որ երեւանեան գագաթնաժողովէն հինգ օր առաջ Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուկաշենկոն յայտարարեց ․- «Իմ երկիրը կը պաշտպանի Ռուսաստանին, սակայն տանկերով չի գնա ո՛չ Ուկրանիա, ո՛չ էլ Սիրիա»:

Փորձագէտները չեն բացառէր, որ Երեւանի մէջ, Ռուսիան կրնայ հանդէս գալ միասնական մարդասիրական կամ խաղաղապահ առաքելութիւն կազմակերպելու նախաձեռնութեամբ:

Համաշխարհայնացման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ստեփան Գրիգորեանի կարծիքով, Մոսկուան առնուազն քաղաքական աջակցութիւն կը փորձէ ստանալ իր դաշնակիցներէն: «Սիրիայում բաւական լարուած է վիճակը: Մեծ տարաձայնութիւններ են Ռուսաստան – Միացեալ Նահանգներ․․․ Միացեալ Նահանգները կարողացան ստեղծել ինչ-որ կոալիցիա․ բաւական մեծ թիւով, քառասունից աւելի պետութիւններ մտնում են այդ կոալիցիայի մէջ: Հիմա, ես կարծում եմ, որ շատ կարեւոր է իր նախաձեռնութիւնները Սիրիայում ինչ-որ միջազգայնացնել, այնպէս անել, որ ներկայացուի, որ դա ոչ միայն Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնն է»,- ըսաւ փորձագէտը:

Անոր խօսքով, ակնյայտ է, որ սուրիական ճգնաժամի հարցով աջակցութիւնը ռուսական կողմին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի համար լի է տարբեր վտանգներով, եւ Ասատի ուժերու ռմբակոծումններու հետեւանքով աննախանձելի վիճակի մէջ յայտնուած հայ համայնքի գործօնը խոցելի կը դարձնէ Հայաստանը․- «Ես պնդում եմ, որ այստեղ պէտք է զգոյշ լինենք: Ուղիղ հակառակը․ այն փաստը, որ համայնքը կայ, պահանջում է մեզանից աւելի զգոյշ գործողութիւն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment