Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտահերթ Նիստ` Սուրիահայերուն Հայաստան Տեղափոխելու Հարցերով

Արտահերթ Նիստ` Սուրիահայերուն Հայաստան Տեղափոխելու Հարցերով

by MassisPost

Հոկտեմբեր 11-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի արտահերթ նիստը, ուր քննարկուեցաւ սուրիական ճգնաժամի խորացման պայմաններուն մէջ Հայաստան տեղափոխուած, ինչպէս նաեւ Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւն ունեցող սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ հիմնախնդիրները, ինչպէս նաեւ այս ոլորտին մէջ շարք մը միջոցառումներու համակարգումը կատարելագործելու վերաբերեալ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յանձնարարականի կատարումը:

Սփիւռքի նախարարը յանձնաժողովի անդամներուն տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է Սուրիոյ հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ՝ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսի հետ՝ իրավիճակը գնահատելու եւ անհրաժեշտ օգնութիւն ձեռնարկելու նպատակով: Ան տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստան հնարաւոր ժամանողներու օգնութիւնը կազմակերպելու համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները կը հերթապահեն օդակայանին մէջ եւ կը դիմաւորեն Արեւելքէն ժամանած օդանաւերը: Անցնող տաս օրերուն եկած է միայն չորս ընտանիք: Տարբեր լրատուամիջոցներով տարածուող լուրերը, որ խուճապ կայ եւ շատերը ցանկութիւն յայտնած են գալու Հայաստան, չափազանցուած են: ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը եւ ազգային իշխանութիւնները ամէն օր կը նշեն, որ Սուրիայէն, մասնաւորապէս՝ Հալէպէն դուրս գալու համար իրենց դիմած են մի քանի ընտանիք, որոնց օգնած ենք Հայաստան հասնելու համար: Միաժամանակ նախարարը  տեղեկացուց, որ  Հանրապետութեան Նախագահի յանձնարարութեամբ մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած երկու օդանաւերը յաջողութեամբ հասած են Սուրիա: Մարդասիրական բեռին ուղեկցած են պետական մի քանի ծառայողներ, անոնց կարգին են՝ ՀՀ ՍՆ աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանը, որ տեղւոյն վրայ աջակցած է սնունդի բաշխման աշխատանքներուն: Այսօր առաջնայինը՝ Հայաստան նոր տեղափոխուած սուրիահայերու տրամադրութիւններու հետ ծանօթանալն է, բնակարաններով, սնունդով եւ աշխատանքով ապահովելու խնդիրները:

Միաժամանակ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն մեր հայրենակիցներուն օգնած համահայկական, հասարակական, միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք համագործակցեցան Սփիւռքի նախարարութեան հետ:

ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի ծրագրերու պատասխանատու Վազգէն Յակոբեանը նշեց, որ սուրիական վերջին զարգացումներէն յետոյ ՀԲԸՄ-ը արտահերթ ֆոնտ ստեղծած է սուրիահայերուն օգնելու նպատակով: Ան շեշտեց, որ չնայած ծանր վիճակին՝ Հալէպի մէջ խուճապ չկայ: Պէտք է զգոյշ ըլլալ որեւէ յայտարարութիւն ընելու ընթացքին:

ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիսթոֆ Բիերվիրթը, ինչպէս նաեւ՝ ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան օժանդակող այլ կազմակերպութիւններու  պատասխանատուները  ներկայացուցին սուրիահայերուն առաջնային օգնութիւն ցուցաբերելու իրենց ծրագրերը, նախատեսուած միջոցներն ու հնարաւորութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment