Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Human Rights Watch – Հայաստանի Իշխանութիւնները Անարդար Պատիժներ կը Տնօրինեն Աքթիւիսթներուն Դէմ

Human Rights Watch – Հայաստանի Իշխանութիւնները Անարդար Պատիժներ կը Տնօրինեն Աքթիւիսթներուն Դէմ

by MassisPost

Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով փոխտնօրէն Ջեյն Բիւքենենը, անցեալ ամիս այցելեց Հայաստան: Ան հաղորդագրութիւն մը պատրաստեց յուլիսեան բողոքի ցոյցերու կապակցութեամբ, որուն մէջ նշեց, թէ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները միջազգային չափանիշներու խախտում կատարած են, տասնեակներու ձերբակալմամբ, անոնցմէ 40-էն աւելին կալանաւորելով զանգուածային անկարգութիւններու մեղադրանքով:

Ազատազրկուածներէն էին.- «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ Յովսէփ Խուրշուդեան, Արմէն Մարտիրոսեան, Դաւիթ Սանասարեան, «Նոր Հայաստան» շարժման ներկայացուցիչ՝ Անդրիաս Ղուկասեան: Հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան փոխտնօրէնը կÿաւելցնէ, որ օգոստոսի կէսերուն անոնցմէ երեքին «բողոքարկման իբր արդիւնք, բարեբախտաբար, դատարանը ազատ արձակեց գրաւի դիմաց», սակայն, այդ մէկը չիրականացաւ Ղուկասեանի պարագային: Վերջինս, ըստ իր փաստաբանին, յայտարարած է, որ ազատ արձակուելէ ետք, մտադիր է շարունակել խաղաղ քաղաքական գործունէութիւնը:

Human Rights Watch-ի փոխտնօրէնը կը նշէ, որ Անտրէաս Ղուկասեանին և միւս երեք առաջնորդներուն կը սպասէ դատավարութիւն «զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու» լուրջ քրէական մեղադրանքով՝ յուլիսեան բողոքի ցոյցերու համար, որոնք սկսան, երբ զինուած խումբը յուլիս 17-ին գրաւեց ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը՝ «սպաննելով մէկ ոստիկան եւ պատանդ բռնելով մի քանի մարդ: Մինչեւ յուլիս 31, զինեալներու յանձնուիլը, անոնց հասարակական աջակցութիւնը եւ կառավարութենէն դժգոհութիւնը վերածուեցաւ բողոքի շարժման»,- գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Բիւքենենի՝ բողոքի ցոյցերը խաղաղ էին, մասնակիցներու կողմէ բռնութեան միջադէպեր չկային, որ ունենար «զանգուածային անկարգութիւն» անուանումը:

«Մինչ դատական ազատազրկումը պէտք է ըլլայ վերջին միջոց, այլ ոչ թէ դիւրին եղանակ, որ հայաստանեան իշխանութիւնները անարդարացիօրէն պատժեն քննադատներուն», կը յայտնէ Human Rights Watch-ի փոխտնօրէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment