Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը Մերժած է Կարօ Փայլանի Դիմումը

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը Մերժած է Կարօ Փայլանի Դիմումը

by MassisPost

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած է «Ժողովուրդներու  Դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դիմումը` մէճլիսի (խորհրդարան) մէջ իր խօսքերը արձանագրութենէն  հանելու ու իրեն 3  նիստ չմասնակցելու պատիժը բողոքարկելու  կապակ-ցութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»-ը, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը  «Պաշտօնաթերթի» միջոցով յայտնած է, որ Սահմանադրական Դատարանը մերժած է Կարօ Փայլանի հայցը:

Նշուած է, որ Սահմանադրական Դատարանին մէջ ձայներու մեծամասնութեամբ որոշուած է մերժել Կարօ Փայլանի հայցը:

Նշենք, որ Կարօ Փայլան  Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս ելոյթի ժամանակ խօսած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որմէ ետք խորհրդարանի ղեկավարութիւնը որպէս պատիժ արգիլած էին 3 նիստի անոր մասնակցութիւնը, ինչպէս  նաեւ խորհրդարանի նիստի արձանագրութենէն հեռացուցած էին իր խօսքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան  հետ կապուած հատուածը:

Կարօ Փայլան այս որոշումները հակասահմանադրական համարած էր ու դիմած էր Սահմանադրական Դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment