Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ատրպէյճանը Կը Խեղաթիւրէ Հայաստանի Ներկայացուցած Փաստական Ապացոյցները․ Եղիշէ Կիրակոսեանի Ելոյթը ՄԱԿ-ի Դատարանին Մէջ

Ատրպէյճանը Կը Խեղաթիւրէ Հայաստանի Ներկայացուցած Փաստական Ապացոյցները․ Եղիշէ Կիրակոսեանի Ելոյթը ՄԱԿ-ի Դատարանին Մէջ

by MassisPost

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը ՄԱԿ-ի դատարանին մէջ «Հայաստանը ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով լսումներու ժամանակ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը կը խեղաթիւրէ Հայաստանի ներկայացուցած փաստական ապացոյցները։

Եղիշէ Կիրակոսյեանը այդ մասին ըսած է՝ հանդէս գալով եզրափակիչ ելոյթով եւ անդրադարձած է դատարանին մէջ ատրպէյճանական կողմին ներկայացուցած առարկություններուն Հայաստանի ներկայացուցած ապացոյցներուն։

Կիրակոսեանը յայտարարածլ է, որ Ատրպէյճանի մարտավարութիւնը ձախողած է, եւ անոր դիրքորոշումը չի նպաստեր արդարադատութեան իրականացման:

«Ատրպէյճանի ցեղապաշտական բռնութիւնները, կամայական կալանաւորումները եւ, ի հարկէ, հայերի նկատմամբ իրականացրած բռնութիւններն ակնյայտօրէն կարող են տեղաւորուել Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման յանձնաժողովի (CERD) շրջանակներում: Այս սարսափելի գործելակերպը հակասում է այդ յանձնաժողովի բոլոր մասնակից պետութիւնների կողմից ստանձնած խոստումներին»,- իր խօսքին մէջ նշած է Կիրակոսեանը:

Ան յաւելած է, որ Միջազգային դատարանը իր առջեւ ունի բոլոր անհրաժեշտ տարրերը Ատրպէյճանի առարկութիւնները հեշտութեամբ մերժելու համար։

Աւարտելով իր միտքը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ՄԱԿ-ի դատարանին՝ Եղիշէ Կիրակոսեան ըսած է, որ դատաւորները կրնան շատ յստակ հերքել եւ մերժել դատական գործի շրջանակներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած առարկութիւնները, քանի որ անոնք կը հակասեն օրէնքի ոգիին եւ տառին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment