Հայաստանի նկատմամբ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ հետաքրքրութիւնը կը մեծնայ, ըսած է Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ղեկավար, քաղաքագէտ Մանուէլ Սարգսեանը։
Անոր խօսքով՝ անորոշ իրավիճակը, որ ստեղծուած է ԱՄՆ նոր նախագահի ընտրութենէն յետոյ, փաստացի կը մտահոգէ բոլորին։ Ան նշեց, որ Եւրոպայի մէջ բարդ իրադրութիւն ստեղծուած է ինչպէս նշուած հանգամանքի, այնպէս ալ մինչեւ հիմա տարուող քաղաքականութեան պատճառով։
Անոր կարծիքով Ռուսիան իր հերթին կ′ընէ նոյն բանը։ «Մենք տեսնում ենք Հայաստանին արուող նոր առաջարկներ։ Բոլոր կողմերից ակտիւացում է նկատուում ազդեցութեան գօտու ընդլայնման նպատակով։ Ես կարծում եմ, որ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրուածութիւնը պէտք է շատ մեծ լինի։ Եթէ վերցնենք մեր տարածաշրջանը, ապա Վրաստանում Արեւմուտքը խնդիրներ չունի, Ատրպէյճանում ներկայիս ռեժիմի եւ Ատրպէյճան–Թուրքիա յարաբերութիւնների հետ լուրջ խնդիրներ կան։ Կարելի է ասել, որ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը մեծանայ»,– ըսաւ Մանուէլ Սարգսեանը։
Քաղաքագէտը նշեց, որ Երեւանը պէտք է վերանայի իր մօտեցումները։ «Նախագահ Սերժ Սարգսեանը նոյնպէս յայտարարել էր, որ Ռուսաստանից վախը բոլորին ստիպել է հրաժարուել մեծ հնարաւորութիւններից։ Դա երկիրը դրել է ներկայիս վիճակի մէջ։ Հիմա ուղղակի յանցագործութիւն է նոյն ոգով շարունակելը»,– ըսած է քաղաքագէտը։