Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Ապօրինի Հարստացումը Կանխող Նախագիծին

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Ապօրինի Հարստացումը Կանխող Նախագիծին

by MassisPost

Այսօր կառավարութեան նիստին հաւանութեան արժանացաւ քրէական օրէնսգրքին մէջ լրացում կատարելու մասին նախագիծը, ըստ որուն, եթէ յայտարարագիր ներկայացնող պաշտօնեայի կամ անոր ընտանիքի անդամի կարողութիւնը մէկ տարուան ընթացքին առնուազն հինգ միլիոն դրամով աւելի եղած է, քան այդ անձի օրինական եկամուտը, եւ այդ անձը չէ կրցած հիմնաւորել, թէ ինչպէս ստացած է այդ եկամուտը, ապա բարձրաստիճան պաշտօնեան կամ անոր հետ փոխկապակցուած անձը պիտի ենթարկուին քրէական պատասխանատուութեան:

Այլ նախագծով արդարադատութեան նախարար՝ Արփինէ Յովհաննիսեանը առաջարկեց փոփոխութիւն կատարել «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքին, որով բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու անոնց ընտանիքներու անդամները պիտի պարտաւորուին փոխառութիւններէն ստացած վճարները, դրամական նուիրատուութիւնները, այլ եկամուտները, որոնք կը գերազանցեն երկու միլիոն դրամը, պէտք է ըլլան անկախիկ: Այս նախագծին եւս գործադիրը հաւանութիւն տուաւ: Այս փոփոխութիւնները օրէնքի ուժ կը ստանան խորհրդարանին մէջ ընդունուելէն եւ հանրապետութեան նախագահի կողմէ ստորագրուելէն յետոյ:

Այսօր կառավարութեան այս նախագծերի ընդունումը բացատրուեցաւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութեամբ:

Վերջերս, հրապարակուած է «Թրէնսփարընսի Ինթըրնեշընլ»-ի զեկոյցը, ըստ որուն Հայաստանը կաշառակերութեան ամենալուրջ խնդիրներ ունեցող երկիրներու շարքին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment