Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ռուս-Հայկական Յարաբերութիւնները Ոչինչ Չի Կրնար Փչացնել»

«Ռուս-Հայկական Յարաբերութիւնները Ոչինչ Չի Կրնար Փչացնել»

by MassisPost

«Ռուսաստանը չունի Հայաստանի քաղաքացիներու սեւ ցուցակ, որ կ’արգիլէ անոնց մուտքը Ռուսաստանի Դաշնութիւն: Ռուսաստանը որպէս ինքնիշխան երկիր, իրաւունք ունի մէկուն թոյլատրելու, իսկ միւսին արգիլելու մտնել իր տարածքը», ըսաւ Հայաստանի մէջ, Ռուսաստանի դեսպանի խորհրդական՝ Օլեգ Շապովալովը, անդրադառնալով շաբաթ մը առաջ Մոսկուայի՝ «Շերեմետեւօ» օդակայանին մէջ, տեղի ունեցած միջադէպին, երբ «Համաշխարհայնացման եւ տարածաշրջանային կեդրոնի» ղեկավար Ստեփան Գրիգորեանը արտաքսուած էր երկրէն:

Օգոստոս 30-ին, ռուս սահմանապահները Գրիգորեանին չէին թոյլատրած դուրս գալ օդակայանի տարածքէն: Քաղաքագէտին վերադարձուցած էին՝ տեղեկացնելով, որ վերջինիս մուտքը Ռուսաստան արգիլուած է մինչեւ 2030 թուական: Ստեփան Գրիգորեան յայտնած է, որ իրեն արտաքսէր են քաղաքական դրդապատճառներով եւ մտավախութիւն ունէր, որ մինակ չէ այդ ցուցակին մէջ:

«Սեւ ցուցակներ»-ու բացակայութեան մասին քաղաքական վերլուծաբանը կÿըսէ.- «Գլխաւոր դատաւորը ժամանակն է, ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ այս ձեւի երեւոյթները մենք կը տեսնենք մեր հասարակական կամ քաղաքական գործիչներու նկատմամբ: Կÿուզեմ մեր մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն աջակցութիւնը խնդրել »:

«Իսկականին, դէպքը այնպէս պատահած է, որ պարոն Գրիգորեանին արգիլած են մտնել Ռուսաստանի տարածք: Սկզբունքօրէն, մենք պարտաւոր չենք մեկնաբանել եւ բացատրել, ուստի, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան դիմումին համաձայն՝ մենք մեկնաբանութիւն խնդրէր ենք մեր համապատասխան կառոյցէն եւ կը զբաղինք այդ հարցով: Արդիւնքները կը հաղորդենք Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան»,- յայտնեց Հայաստանի մէջ, Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանի խորհրդականը:

Շապովալովի դիտարկման արձագանքելով, իրաւապաշտպան Արթիւր Սաքունցը հակադարձեց, թէ՝ երկու երկիրներուն միջեւ վիզայի կարգի խնդիր չկայ եւ առնուազն տարօրինակ է, որ Ռուսաստանը այսպիսի վերաբերմունք կը ցուցաբերէ իր ռազմավարական դաշնակիցի քաղաքացիին նկատմամբ:

«Ինքը սկիզբէն արդէն կը հակասէ միջպետական պայմանագրին, որովհետեւ ինքնիշխան պետութիւնները պայմանաւորուած էին, որ իրենց քաղաքացիները պէտք է ազատ ելումուտ կատարեն: Այնտեղ չէ գրուած, որ այդ ելումուտը կրնայ արգիլուիլ որեւէ հանգամանքով»,- ընդգծեց Սաքունցը:

Իրաւաբանների հետ խորհրդակցելէ յետոյ Ստեփան Գրիգորեան կը դիմէ Ռուսաստանի դատարան, իսկ դիմումը մերժուելու պարագային արդէն՝ Եւրադատարան:

Շապովալովի խօսքով, Գրիգորեանը «ազատ մարդ է եւ կրնայ պաշտպանել իր իրաւունքները իւրաքանչիւր օրինական միջոցով»:

Հայաստանի, ՌԴ դեսպանի խորհրդականը վստահ է, որ միջադէպը բացասական ազդեցութիւն չÿունենար հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ:

«Ես կը կարծեմ, որ ռուս-հայկական յարաբերութիւնները ոչինչ չի կրնար փչացնել: Իսկ հիմա կը մնայ հետեւիլ իրադարձութիւններուն զարգացմանը», – նշեց դեսպանի խորհրդականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment