Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գագիկ Ջհանգիրեան Հրաժարած Է Հոկտեմբեր 27-ի Գործով Հարցումներուն Պատասխանելէ․ ՔԿ Նախագահ

Գագիկ Ջհանգիրեան Հրաժարած Է Հոկտեմբեր 27-ի Գործով Հարցումներուն Պատասխանելէ․ ՔԿ Նախագահ

by MassisPost

Նախկին զինուորական դատախազ Գագիկ Ջհանգիրեան Հոկտեմբերի 27-ի գործով հրաւիրուած է հարցաքննութեան, սակայն, օգտուելով իր իրաւունքներէն, հրաժարած է հարցերուն պատասխանելէ՝ պարզաբանելով, որ ժամանակին գործած է որպէս դատախազ՝ իր լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ։

Այս մասին ըսած է Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արթուր Պօղոսեան՝ Նոյեմբեր 3-ին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին։

Լրագրողը հետաքրքրուած է Նաիրի Յունանեանի վերաքննիչ բողոքի վերաբերեալ Ջհանգիրեանի վերջին յայտարարութեամբ, որ ուսումնասիրելու յանձնարարական տուած էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Պօղոսեան նշած է, որ այդ յայտարարութիւնը չէ լսած, սակայն Ջհանգիրեանը հարցաքննութեան հրաւիրած են անկէ աւելի վաղ։

«Մենք դրանից շատ աւելի վաղ Գագիկ Ջհանգիրեանին հրաւիրել ենք հարցաքննութեան։ Ինքը, օգտուելով իրաւունքներից, հրաժարուել է հարցերին պատասխանելուց, մեկնաբանել է, որ այն ժամանակ գործել է որպէս դատախազ եւ իր լիազօրութիւնների շրջանակում է գործել։ Բայց, այնուամենայնիւ, մենք բոլոր հանգամանքները քննութեան առարկայ ենք դարձնում»,- ըսած է ՔԿ նախագահը։

Պօղոսեան նաեւ ընդգծած է, որ քրէական վարոյթը կը քննուի Քննչական Կոմիտէին մէջ, եւ աղխոյժ գործողութիւններ կը կատարուին։

2026 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին Գագիկ Ջհանգիրեան յայտնած էր, որ, իր համոզմամբ, Նաիրի Յունանեանի եւ գործով միւս դատապարտեալներու վերաքննիչ բողոքները գրուած են, սակայն դատարան չեն հասած։ Ան առաջարկած էր գլխաւոր դատախազին յանձնարարել ԱԱԾ-ին յայտնաբերել այդ բողոքները եւ անոնց մէջ հնարաւոր յիշատակուած հանգամանքները դարձնել քննութեան առարկայ։

Հոկտեմբեր 29-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ յանձնարարած է ուսումնասիրել Ջհանգիրեանի յայտարարութիւնը եւ պարզած էր անոր մէջ յիշատակուած փաստերու մանրամասնութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment