Հայաստանեան ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը յայտարարած են համազգային համախմբման ձեւաւորման մասին՝ որպէս առաջնային նպատակներ նշելով «Ալիեւեան սահմանադրութեան պարտադրանքի մերժումը», խաղաղութիւնը՝ առանց միակողմանի զիջումներու եւ տարածքային կորուստներու, ազգային ինքնութեան ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը եւ ժողովրդավարական իրաւունքներու վերականգնումը։
Միասնական յայտարարութիւնը հրապարակուած է Նոյեմբեր 4-ի ուշ երեկոյեան՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի առանձնատան մէջ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած փակ հանդիպումէն յետոյ։ Այն ընթերցած է Ազգային Ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանը։
«Մենք՝ ներքոստորագրեալ հայաստանեան քաղաքական ուժերս, գիտակցելով հայ ժողովրդի եւ հայոց պետականութեան առջեւ ծառացած ճակատագրական մարտահրաւէրների ողջ լրջութիւնը, ունենալով մօտեցումների տարբերութիւններ եւ տարակարծութիւններ մի շարք հարցերում, այդուհանդերձ՝ յայտարարում ենք համազգային համախմբման ձեւաւորման մասին»,- կ’ըսուի փաստաթուղթին մէջ։
Ձայտարարությամբ կը սահմանուին համախմբման չորս առաջնային նպատակները՝
«Ալիեւեան սահմանադրութեան պարտադրանքի մերժում»։
«Խաղաղութիւն՝ առանց միակողմանի զիջումներու եւ տարածքային կորուստներու»։
«Ազգային ինքնութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւն»։
«Ժողովրդավարական ազատութիւններու եւ իրաւունքներու վերականգնում»։
Քաղաքական ուժերը համաձայնած են միաւորել իրենց ջանքերը՝ գերակայ ազգային խնդիրներու շուրջ հանրային միասնութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով։
«Բոլոր քաղաքական ուժերին, հանրային եւ հասարակական գործիչներին կոչ ենք անում մաս կազմել ազգային այս համախմբմանը»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Ներկայացուած ստորագրութիւններու էջին վրայ նշուած են 13 քաղաքական ուժեր՝ «Ազատութիւն», «Ապրելու երկիր», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Դեմոկրատական այլընտրանք», Հայ ազգային կոնգրէս, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն,
«Հայաքուէ», «Հայաստան» դաշինք, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն, «Հայաստանը ես եմ», «Ժառանգութիւն», «Նոր դարաշրջան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնները։
Ձայտարարութեան մէջ չէ յստակացուած, թէ ինչ կազմակերպական ձեւաչափ պիտի ունենայ համախմբումը եւ ինչ համատեղ գործողութիւններ կը նախատեսուին։

