Արդարադատութեան նախարարը, որուն գլխաւորութեամբ կը մշակուի Հայաստանի նոր սահմանադրությեան բնագիրը, յոյս ունի, որ այն ընդունելի պիտի ըլլայ նաեւ ընդդիմութեան համար՝ պնդելով, որ այն բաւականին հաւասարակշռուած է:
Միաժամանակ, անդրադառնալով ընդդիմադիրներու այն յայտարարութիւններուն, որ մշակուողը «Ալիեւեան սահմանադրութիւն է», Սրբուհի Գալեան ըսաւ. «Իրենք շատ բան են ասում, գլուխը պատին են տալիս, հերիք եղաւ, պոլ եղաւ։ Մեր ներքին գործն է, մենք այս աշխատանքով զբաղւում ենք արդէն տարիներ, մենք ուզում ենք ժողովուրդը որոշի։ Ով ինչ է ասում, ինձ բացարձակ չի հետաքրքրում։ Ես իմ աշխատանքի տէրն եմ»:
Խորհրդարանական ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները կը յայտարարեն, որ «դէմ են Իլհամ Ալիեւի պարտադրած Սահմանադրութեան»: Պաքուն որպէս խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման նախապայման կը պահանջէ Հայաստանի
սահմանադրութեան նախաբանէն հանել Անկախութեան հռչակագրին յղումը, որուն մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջ կը տեսնէ: Արդէն յայտնի է, որ նոր սահմանադրութեան նախագիծին մէջ յղում Անկախութեան հռչակագրին չկայ:
Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար կը պահանջուի խորհրդարանի հաւանութիւնը՝ պատգամաւորներու առնուազն 2/3-ի ձայներով: ՔՊ-ն ունի ընդամէնը 64 պատգամաւոր, մինչդեռ անհրաժեշտ է առնուազն 70 կողմ ձայն: Այսինքն առանց ընդդիմադիրներու 6 ձայնի անհնար է որոշումը ընդունիլ:
Արդարադատութեան նախարարը այսօր կը կրկնէր այս օրերուն «Քաղաքացիական Պայմանագրէն» հնչող այն պնդումը, թէ ընդդիմադիրները կրնան ապահովել այդ 6 ձայնը եւ վերջնական որոշումը թողել ժողովուրդին:
Պաշտօնեան միաժամանակ տեղեկացուց, որ նոր նախագիծին մէջ Սահմանադրութեան նախագիծը խորհրդարանինն մէջ հանրաքուէի դնելու որոշման համար 2/3 կողմ ձայներու պահանջը պիտի չըլլայ: «Շեմը կարծում եմ, իջեցնելու ենք, որովհետեւ հիմա ամէն դէպքում նախագծում այդպէս է: Մենք այլ՝ աւելի ամուր կարգաւորում ունենք ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսանկիւնից առաջարկելու: Շեմը էական չէ, էական է, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումից յետոյ Սահմանադրութիւնը հնարաւոր կը լինի փոխել միայն հանրաքուէով»:
Գալեան «ձեւական» համարեց 2/3 կողմ ձայներու գործող պահանջը՝ հիմնաւորելով, որ որոշումը, միեւնոյնն է, հանրաքուէին մասնակցող ժողովուրդը կը կայացնէ:
«Ազատութեան» հարցումին՝ այսինքն, Ազգային Ժողովի հաստատման կարիք պիտի չըլլա՞յ, ան պատասխանեց. «Ոչ թէ Ազգային Ժողովի հաստատման կարիք պիտի չըլայ, այլ հանրաքուէի դնելու համար կը լինի որոշակի շեմ, չգիտեմ՝ 3/5, էական չէ»:
Արդարադատութեան նախարարը անդրադարձաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ եթէ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը դէմ երթայ նոր սահմանադրութեան, անոնց դէմ հանրային ճնշում պիտի յառաջացուի:
«Նախ ժողովրդի քուի դէմ հաւաք անելու մասին խօսք չի եղել: Երկրորդ, մենք ունենք հետեւեալ իրավիճակը. մենք ունենք խորհրդարանում ձայների այնպիսի բաշխուածութիւն, որ որպէսզի Սահմանադրութիւնը դրուի հանրաքուէի, այսինքն, որպէսզի ժողովուրդը որոշի, պէտք է որոշակի շեմ յաղթահարուի: Հիմա ընդդիմութիւնը կարող է որոշել, ինքը կողմ է, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը գործի, թէ՝ կողմ չէ»,- ըսաւ ան:
Ընդգծելով, որ հանրաքուէն ուղիղ ժողովրդավարութեան սկզբունքի ծիրին մէջ է, Սրբուհի Գալեան պնդեց. «[Ընդդիմութիւնը] դէմ է քուէարկում, հետեւաբար դէմ է քուէարկում ժողովրդավարութեանը»:

