Միացեալ Թագաւորութիւնը հայկական ծագման ապրանքներու նկատմամբ սահմանած է ինքնավար առեւտրային միջոցներ:
Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութիւնը։
Որոշումը համահունչ է Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն ռազմավարական գործընկերութեան եւ նպատակ ունի նպաստել հայկական արտադրանքի արտահանման հնարաւորութիւններու ընդլայնման եւ երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան խորացման։
Արտօնեալ զրօական մաքսատուրքով արտահանման հնարաւորութիւններէն օգտուող ապրանքատեսակներու ցանկին մէջ ներառուած են՝
Թարմ միրգեր՝ ծիրան, խաղող, դեղձ, նեկտարին, խնձոր եւ տանձ, չորամիրգեր՝ չամիչ, կանաչեղէն եւ համեմունքներ՝ ռեհան, անանուխ, օրեկանօ, խնկունի, եղեսպակ, ուրց, դափնիի տերեւ, զաֆրան, կոճապղպեղ եւ այլ համեմունքներ, խմիչքներ՝ գարեջուր, քոնեակ եւ պրենտի։

