Հայաստանը Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն դուրս գալու նախապատրաստութիւն չէ սկսած եւ չի պատրաստուիր լքելու կառոյցը։ Միաժամանակ, իշխանութիւնները կը շարունակեն Եւրոմիութեան անդամակցելու ուղղութեամբ աշխատանքները՝ քաղաքացիներուն համար այլընտրանք ստեղծելու նպատակով։ Նոյեմբեր 5-ին կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Մենք սկսել ենք նախապատրաստութիւն, ինչպէս մեր ժողովրդին խոստացել ենք, այլընտրանքի ձեւաւորման, որպէսզի ժողովուրդը որոշում կայացնելու հնարաւորութիւն ունենայ։ Մենք չենք պատրաստւում դուրս գալ ԵԱՏՄ-ից»,- ըսած է Փաշինեան։
Վարչապետին խօսքով՝ ԵԱՏՄ գործընկերները իրենք կը բարձրացնեն Հայաստանի հետագայ կողմնորոշման եւ հանրաքուէ կայացնելու հարցը։ Սակայն, ըստ անոր, այս պահուն հանրաքուէի առարկայ գոյութիւն չունի։
«Ես նախկինում ասել եմ, որ հանրաքուէի առարկայ գոյութիւն չունի այս պահին, որպէսզի մենք կարողանանք հանրաքուէ անցկացնել»,- յայտնած է Փաշինեան։
Վարչապետը պարզաբանած է, որ Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու հարցով հանրաքուէ կայացնելու համար նախ անհրաժեշտ է անցնիլ որոշակի ընթացակարգեր։ Անոր խօսքով՝ Հայաստան կը շարժի այդ ճանապարհով, եւ գործընթացը կրնայ յանգեցնել անոր, որ 2027 կամ 2028-ին պաշտօնական յայտ ներկայացնէ ԵՄ-ին։
«Ակնյայտ է ինձ համար, որ գործընացը տանում է դէպի դա, որ մենք ի վերջոյ 2027 կամ 2028 թուականին պաշտօնապէս դիմենք Եւրոմիութեան լիարժէք անդամ դառնալու գործընթաց սկսելու հարցով»,- ըսած է վարչապետը՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանը արդէն ունի համապատասխան օրէնք։
Նոյեմբեր 3-ին, Պրիւքսէլի մէջ՝ Euronews հեռուստաընկերութեան կազմակերպած «ԵՄ ընդլայնման գագաթաժողով 2026»-ի շրջանակին մէջ, Փաշինեան յայտնած էր, որ 2027 կամ 2028 թուականին Եւրոմիութեան անդամակցելու պաշտօնական յայտ ներկայացնելը իրատեսական է։
«Յաջորդ տարին կարող է իրատեսական լինել։ 2028 թուականը նոյնպէս կարող է իրատեսական լինել։ Մենք սկսել ենք գործընթաց, որը մեզ կը յանգեցնի Եւրոմիութեանն անդամակցելու պաշտօնական յայտ ներկայացնելու վերաբերեալ վերջնական որոշման կայացմանը»,- ըսած էր ան։
Վարչապետը միաժամանակ ընդունած էր, որ ԵՄ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին միաժամանակ լիարժէք անդամակցիլ հնարաւոր չէ, եւ որոշակի փուլի Հայաստանը պէտք է ընտրութիւն կատարէ։
Հայաստանի Ազգային Ժողովը 2025-ի Մարտ 26-ին ընդունած է «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքը, որ ուժի մէջ մտած է Ապրիլ 17-ին։ Օրէնքով յայտարարուած է ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկը, սակայն Հայաստանը դեռ պաշտօնական յայտ չէ ներկայացուցած։
ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին հարցին ի պատասխան՝ Փաշինեան նշած է, որ կ’ուզէ մէկընդմիշտ արձանագրել՝ ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած ՀՀ հետաքրքրութիւնները սպառած են:
«Այս պահին չունենք այլընտրանք, որպէսզի ԵԱՏՄ-ից դուրս գանք. ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած մեր հետաքրքրութիւնները սպառուած են»:
«Գործընթացը տանում է նրան, որ 2027-28թթ. պաշտօնապէս դիմենք ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթաց սկսելու համար»,- ըսած է ան:

